Սուրիոյ կառավարութեան վարչապետ Արնուսի գլխաւորութեամբ գումարուած այսօրուան արտակարգ նիստին նախարարութիւնները թիւերով եւ տեղեկագիրներով ներկայացուցին 6 եւ 20 Փետրուարի երկրաշարժներու աղէտէն տուժածներուն մարդասիրականէն օժանդակութիւններուն զուգահեռ փուլ եկած կառոյցներու վերաշինութեան անցնելու կառավարութեան ծրագիրները։

Նիստին հաստատուեցաւ մասնաւոր հատուածի և քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան հետ համադրաբար քաղաքացիներու ծառայութեան աշխատանքին շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը եւս։

Վարչապետը ընդգծեց դաշտային հետազօտութեան ամբողջացման կարեւորութիւնը՝ հասնելու վնասներու ճշգրիտ թիւերուն, որոնք պետական ​​կառոյցներուն կարելիութիւն կու տան իրականացնելու երկրաշարժի հետևանքներու յաղթահարման ծրագիրները, այդ կարգին՝ տասնեակ հազարաւոր բնակարաններու վերականգնումը և ամրացումը՝ միաժամանակ հետեւելով ապաստարաններու վիճակին եւ մարդասիրական եւ բժշկական ծառայութեանց։

Որպէս գործնական քայլ, կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հանրային աշխատանքներու և բնակարանաշինութեան նախարարութեան յուշագրին, որ կը ներառէ երկրաշարժէն տուժածներու բնակարաններու ապահովում Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ եւ համապատասխան տարածքներու ճշդում։ Հալէպի մէջ պիտի շինուի 8 շէնք, որ պիտի ներառէ 440 բնակարան, իսկ Լաթաքիոյ մէջ՝ 8 շէնք, որ պիտի ներառէ 300 բնակարան։
Կառավարութիւնը աւարտին պիտի հասցնէ նաեւ նախօրօք սկսած, բայց չամբողջացած շէնքեր ու համալիրներ, բնակարանային հարցերու լուծման համար։