Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023֊ի յետմիջօրէի ժամը 4։00֊ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական Համայնքի Պատուելի Շանթ Ակիշեանին ու խումբ մը եկեղեցւոյ անդամներուն, զօրակցական այցելութիւն մը կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ Անոնք ջերմապէս դիմաւորուեցան Քեսապի հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի եւ եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդին կողմէ։
Ներկաները նախ ուղղուեցան եկեղեցի, ականատես դառնալու երկրաշարժէն ետք եկեղեցւոյ կրած վնասներուն։ Ակնարկ մը նետելէ ետք եկեղեցւոյ ներքնաբաժինին ու արտաքին բաժինին, անոնք ուղղուեցան Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճ, ուր մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։