Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2023-ի 3 թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածները տուգանքէ, շահատուրքէ եւ իրենց բնակարաններուն, շէնքերուն կամ խանութներուն վերականգնումի արտօնագրեր ապահովելու ծախսերէն զերծ պիտի կացուցուին մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2024։
Հրամանագիրին յօդուածներէն մէկը կը նշէ, որ սուրիական պետական դրամատուները մինչեւ 200 միլիոն ս.ո.-ի հասնող 10 տարուան վարկ պիտի տրամադրեն երկրաշարժէն տուժածներուն, որպէսզի անոնք կարողութիւն ունենան բնակարաններու ամբողջական կամ մասնակի վերաշինութեան, կամ ամբողջական կամ մասնակի վերականգնումին։ Վարկը զերծ պիտի ըլլայ հարկերէ, իսկ առաջին մասնավճարը պիտի փակուի վարկը ստանալէ 3 տարի ետք։