ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած են Ռուսիա:

12 Մարտին այցելութիւնը մեկնարկած է Ռուսիոյ և Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի հետ հանդիպումով, ապա Արմէն Ռուստամեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան մասնակցած են Մոսկուայի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 133-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան։