Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը՝ սահմանին անվտանգութեան ապահովման քայլերը, յայտնած է Քրէմլիլկ մամլոյ ծառայութիւնը։

«Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Դիտարկուած են 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ յայտնի համաձայնագրերու ամբողջ համալիրի իրականացման գործնական տուեալները՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, տարածաշրջանի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու վերականգնումին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստման ուղղուած քայլերը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումի ժամանակ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է բոլոր ի յայտ եկած հարցերը կառուցողական կերպով լուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ ռուս խաղաղապահներու հետ կողմերու սերտ շփման եւ փոխգործակցութեան պայմաններու մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։