Պաշտօնապէս Թուրքիոյ «միակ հայկական գիւղը» համարուող Վաքըֆլըի կառավարիչները կը շարունակեն թրքական մամուլի միջոցով ներկայացնել ուժգին երկրաշարժներուն պատճառած վնասները եւ բարձրաձայնել գիւղի հարցերը։

Երկրաշարժի հետեւանքով կեանքը գողտրիկ Վաքըֆլիի մէջ կարծես թէ կանգ առած է։ Akunq.net-ի փոխանցումին համաձայն, հայկական գիւղի 40 քարէ տուներէն 30-ը ծանր վնասներ կրած է Փետրուար ամսուն Թուրքիոյ մէջ գրանցուած ուժգին երկրաշարժներուն հետեւանքով։

Թրքական «Տուվար» պարբերականի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Վաքըֆլըի գիւղապետ Պերճ Քարթուն յայտնած է, որ երկրաշարժէն տուժած գիւղին էական օգնութիւն ցուցաբերած է Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը։

Աղբիւրին համաձայն, գիւղապետը յայտնած է, որ այստեղ գործող «Կիներու ձեռքերով պատրաստուած» անուամբ համադրողը ստիպուած եղած է դադրեցնել իր գործունէութիւնը։ Գիւղապետը նաեւ աւելցուցած է․ «Այգիներ կը գնենք. այգիները կու լան։ Տուն կու գանք․ տունն ալ կ’արտասուի։ Գարունը եկած է, բայց չենք կրնար աշխատիլ։ Ուժ չէ մնացած գործ ընելու համար»։

Պերճ Քարթուն յիշեցնելով, որ Հաթայ նահանգը, որուն կազմին մէջ կը գտնուի Վաքըֆլըն, քաղաքակրթութիւններու օրրան եղած է, շեշտած է Հաթային իր նախկին տեսքը վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին։ «Մենք կը պահանջենք մեր Հաթայը», ըսած է հայ գիւղապետը՝ ընդգծելով, որ այստեղ միատեղ գոյութիւն կը պահպանէին բազմաթիւ կրօնական եւ ցեղային ինքնութիւններ ու մշակոյթներ։