Արցախի Ազգային Ժողովի պատագմաւոր Վահրամ Բալայեան «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցին նման տեսակէտ արծարծեց, որ պէտք է հեռու մնալ ատրպէյճանցիներու հետ հանդիպումներէ.

«Կը կարծեմ՝ ՀՀ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, անոնց կողմէ յառաջացող թէզը, թէ Արցախը պէտք է ուղղակի բանակցի Ատրպէյճանի հետ, կեղծ թէզ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախը այդ շփումներէն միայն կը տուժէ, կը կորսնցնէ, քանի որ աղբիւրներ չունինք։ ։ Ատիկա ոչ մէկ հարց պիտի լուծէ, աւելին՝ ամէն մէկ նման հանդիպում աւելի կը վատացնէ վիճակը։ Եթէ հանդիպումներ ըլլան, առնուազն միջազգային կառոյցներու ներկայութեամբ, այլ ձեւաչափով պէտք է ըլլան», ըսաւ Բալայեան։
Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւորը ահազանգեց՝ Արցախի մէջ բաւարար աղբիւր չկայ՝ Ատրպէյճանին դիմակայելու համար. Հայաստան անյապաղօրէն պէտք է դուրս գայ դիտորդի կարգավիճակէն ու վերսկսի կատարել Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր պարտաւորութիւնը։

«ՀՀ իշխանութիւնները, փաստօրէն, կը հրաժարին պատասխանատուութենէն։ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը Արցախը չէ ստորագրած. մենք չենք համաձայնած յանձնելու Ակնան, Քարվաճառն ու Քաշաթաղը։ Այդ համաձայնութիւնը տուած է ՀՀ ղեկավարը։ Եթէ ան ստորագրած է այդ համաձայնագիրի տակ, ուրեմն պատասխանատու է անոր հետեւանքներուն ու պարտաւոր է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարել եւ ոչ թէ ըսել՝ Արցախը թող Ատրպէյճանի հետ իր հարցերը լուծէ։ Ստեղծուած վիճակին մէջ Ատրպէյճանի հետ որեւէ շփում աւելի կը մօտեցնէ վերջնական կործանումը», յայտնեց Վահրամ Բալայեան։

Ըստ դիտարկումին, գուցէ Արցախի մէջ հանրաւահաքներ կատարելով կարելի կ’ըլլայ սթափեցնել Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը ու փոխել իրավիճակը, Պալայեան պատասխանեց. «Երկու հուժկու հանրահաւաքով արցախահայութիւնը իր կամքն ու անհանգստութիւնը արտայայտած է, Արցախի Ազգային Ժողովի յայտարարութիւններ ընդունած է. հիմա այդ տեսակէտները իւրացնելու համար աջակցութիւն պէտք է։ Ատիկա է, որ, ցաւօք, չկայ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն։ Բացի այդ, շրջափակման պայմաններու տակ, երբ մէկ լուցկի գտնելն անգամ հարց է, մարդիկ չեն կրնար, վառելիք չունին, որ ամէն օր հանրահաւաքի դուրս գան։ Արցախի մէջ ապրողները ամէն օր պայքարի մէջ են՝ այստեղ շրջափակուած ապրելով, սահմանին կանգնած ըլլալով։ Կը դիմադրեն եղած աղբիւրներով, բայց աղբիւրները անբաւարար են։ ժողովուրդը պէտք է սթափի, ի վերջոյ, գիտակցի, որ կտոր-կտոր տալով կը հասնի իր տունը»։