ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին 14 Մարտին Մոսկուայի մէջ հանդիպած են «Արդար Ռուսիան՝ Յանուն Ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ, Պետդումայի մէջ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնովի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային զարգացումներուն, Լաչինի միջանցքի շրջափակման, Ուքրանիոյ մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն, ընդգծուած է Հայաստան-Ռուսիա ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանման եւ զարգացման անհրաժեշտութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Սերկէյ Միրոնով նախ յիշատակած է 29 Նոյեմբեր 2022_ին տեղի ունեցած հանդիպումը՝ բարձր գնահատելով «Արդար Ռուսիան՝ Յանուն Ճշարտութեան» եւ «ՀՅ Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւններու գործակցութիւնը` 2007_ին ստորագրուած գործակցութեան պայմանագիրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար՝ ՀՅԴ ներկայացուցիչները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին՝ նշելով, որ Լաչինի միջանցքի փակումէն երեք ամիս անց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային աղէտ է, եւ այժմ շատ կարեւոր է Ռուսիոյ եւ ռուս խաղաղապահներու դիրքորոշումը։

Արմէն Ռուստամեան աւելցուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը Ռուսիայէն կ’ակնալէ աւելի աշխոյժ գործողութիւններ։

Հանդիպումի աւարտին Սերկէյ Միրոնով յոյս յայտնած է, որ ի վերջոյ պիտի յաղթէ ողջախոհութիւնը, ձեռք պիտի բերուին որոշակի համաձայնութիւններ, պիտի լուծուին հայ բնակչութեան անվտանգութեան հարցերը, որուն երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ Ռուսիան։