15 Մարտին գումարուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի հերթական նիստը: Օրակարգին վրայ առաջին ընթերցումով ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծի հարցն էր: Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի առաջին տեղակալ Ժիրայր Միրզոյեանի ներկայացումով՝ նախագիծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը պետական կառավարման համակարգի կայունութիւնն ու անընդհատութիւնը ապահովելն է:
Նկատի առնելով Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման հրամայականը, Արցախի Հանրապետութեան առջև ծառացած մարտահրաւէրները, աշխարհաքաղաքական, տարածաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ զինուորական դրութեան պայմաններու մէջ պետական կառավարման համակարգի ճկունութիւնը ապահովելու նպատակով կ’առաջարկուի զինուորական դրութեան պարագային Նախագահ ընտրելու իրաւունքը վերապահել Ազգային Ժողովին:
Նախագիծը ներկայացնելէն վերջ հեղինակը առաջարկած է մինչև երկրորդ ընթերցում գրաւոր առաջարկութիւններու համար ժամկէտ սահմանել մէկ շաբաթ: Նախագիծը նախապէս քննարկուած էր գլխադասային յանձնաժողովի նիստին եւ արժանացած էր դրական եզրակացութեան: Միտքերու փոխանակութեամբ հանդէս եկած են Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան:Այնուհետև նախագիծը քուէարկութեան դրուած է եւ միաձայնութեամբ ընդունուած է առաջին ընթերցումով:
Յաջորդիւ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունց հրապարակած է Ազգային Ժողովի որոշումը.
«Ղեկավարուելով «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» օրէնքի 75-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը կ’որոշէ. 15 Մարտ 2023_ին Ազգային Ժողովի կողմէկ առաջին ընթերցումով ընդունուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծի մասին գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտը սահմանել մինչեւ սոյն թուականի 21 Մարտը՝ ժամը 17:00-ին»: