2020_ի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ կնքուած հրադադարը չէ պահպանուած, աւելին՝ հրադադարը քանի մը անգամ խախտուած է՝ յանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէն Հայաստանի արեւելեան ու հարաւարեւելեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման։ Այս մասին յիշուած է Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու մասին:

Փաստաթուղթին մէջ յիշատակուած են Լաչինի միջանցքէն քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը, սեպտեմբերեան մարտերու ընթացքին ռազմագերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021_ի սկիզբի քաղաքացիական անձերու՝ տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեհարդարները:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխոյժ դերակատարում ունենալ՝ որպէս յուսալի առեւտրային գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար՝ իր գործողութիւնները հիմնելով ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքը յառաջ մղելու վրայ», յայտնած են զեկոյցի հեղինակները՝ աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ծաւալած հակամարտութիւնը ազդեցութիւն ունեցած է Հարաւային Կովկասի վրայ եւ ա՛լ աւելի բարդացած է տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակը:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն եւ անոնց առնչութեամբ Հայաստանի արձագանքին:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ յիշատակուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ 7 Դեկտեմբեր 2021_ի որոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներգրաւումին հետ առնչուած:

Զեկոյցի մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը մեծապէս խոչընդոտած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացումն ու կայունութիւնը եւ աւելի լայն իմաստով ազդած է Եւրոպական կայունութեան վրայ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրի առնչութեամբ, դատապարտած է Պաքուի մէջ, այսպէս կոչուած, «Ռազմավարներու զբօսայգիի» բացումը, ողջունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն տեղակայելու շուրջ համաձայնագիրը եւ խրախուսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութիւններու միջև երկկողմ շփումները:

Միեւնոյն ատեն նշուած է, որ Ատրպէյճանի հետ քաղաքական և ելեկտրականութեան ոլորտի մէջ գործընկերութիւնը խորացնելէն առաջ Ատրպէյճանը պէտք է բարելաւէ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հետ առնչուած իրավիճակը, որ «տակաւին կը գնահատուի շատ բացասական»: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ առկայ փտածութեան, կիներու դէմ բռնութիւններուն, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն: