Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ին, Հալէպի նահանգային խորհուրդի իշխանութիւններուն հաւաստագիրի ստորագրութեամբ յանձնուեցաւ ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան 11-րդ զօրախումբի ականազերծներուն կողմէ ականազերծուած Հալէպ Նահանգի Հանտարաթ շրջանէն ներս 88 հազար քառակուսի մեթր հողատարածք։

Յիշեալ արարողութեան ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Հալէպի նահանգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ երկրչփ. Մուհամմատ Տուալպի եւ ճանապարհային ճարտարագիտութեան տնօրէն Սայէպ ալ-Պատաուի, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան Խումբի գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, ռուսական հաշտութեան կեդրոնի Հալէպի ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։

Հալէպի նահանգային խորհուրդի ներկայացուցիչները ականազերծուած հողատարածքը ստանձնեցին եւ համապատասխան համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։