Տասնմէկ անձեր չուանով մը կախուեր էին ուղղաթիռէ մը. բայց չուանը այնքան ալ ամուր չէր տասնմէկ անձեր կրելու չափ. իրենցմէ մէկը պէտք էր ինքզինք սիրայօժար վար ձգէր, թէ ոչ բոլորը դատապարտուած էին իյնալու:
Չէին կրնար որոշել, թէ իրենցմէ ո՛վ պէտք է սիրայօժար կերպով ինքզինք վար ձգէ, մինչեւ որ կինը սկսաւ խօսիլ եւ ըսաւ.
-Ես սիրով պիտի ձգեմ ինքզինքս, որովհետեւ, որպէս կին, վարժ եմ արդէն ամէն բան տալու ամուսինիս եւ ընտանիքիս համար, պատրաստ եմ զոհուելու, եւ ընդհանրապէս կը զոհուիմ, առանց փոխադարձ բան մը ստանալու:
Տասը մարդիկը մեծ խանդավառութեամբ սկսան ծափահարել …
Կին մը մի՛շտ ալ կին է. ահա թէ ինչո՛ւ կը տօնենք Կիներու Համաշխարհային օրը, Մարտ 8-ը:
Մարտ ամիսը հարուստ է տօնակատարութիւններով, եթէ ուզենք տօնակատարել անշուշտ. նախ կու գայ կիներու համաշխարհային օրը, ապա՝ ուսուցիչներու օրը եւ ի վերջոյ մայրերու օրը. եւ եթէ նկատի առնենք, որ այս բոլորը, նոյնիսկ ուսուցիչներու օրը կը կապուի կնոջ,- որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը կին է,- կը տեսնենք թէ որոշ չափով Հայաստանի մէջ կ’արդարացուի Մարտ 8-էն Ապրիլ 7 կիներու ամիս յայտարարուիլը:
Կիներու համաշխարհային օրը ո՞ւր կը տօնուի, ո՞ր երկիրներուն մէջ, արդեօ՞ք Հնդկաստանի, Քիւրտիստանի,- երկիրը պաշտօնապէս չկայ, այո, բայց ժողովուրդը կայ եւ իր ներկայութիւնը կը զգացնէ,- Պութանի, Թիպէթի կամ արաբիստանի մէջ այս օրը կը տօնուի, թէ՞ այս երկիրները նկատի չեն առնուիր եւ մարդիկը … մարդ չեն հաշուըուիր: Կամ ըսենք այսօր Արցախի եւ Ուքրանիոյ մէջ այս եւ այլ տօներ կը տօնակատարուի՞ն:
Մարտ 8-ի գրառումներուն հետեւեցայ. բարեկամուհիներէս մէկը՝ Կարինէ Աւագեան գրեր էր.
«Տարիներու հեռուէն ականջիս կը հասնին այս երգին բառերն ու երաժշտութիւնը.
Վայ, մայրի՛կ ջան, գիտես որ
Մարտի 8-ն է հենց այսօր,
Վեր կա՛ց, գնա՛ միթինկի,
Հոգ մի՛ անիր դու իսկի.
Աբերիկիս ճաշ կը տամ,
Հաւիկներին կուտ կը տամ …եւայլն:
«Սովետական կարգերու հաստատման սկզբնական տարիներուն ստեղծուած երգ մըն էր, Մարտ 8-ի մասին միակ երգը. միակն ալ մնաց: Ինծի կը թուէր, թէ այդ երգը խիզախ կանանց մասին է, իսկ միթինկ բառը կ’ընկալէի որպէս պատերազմ եւ լալով կը խնդրէի մօրմէս, որ միթինկի չերթայ: Յետոյ հասկցայ որ միթինկը հանրահաւաքն է: Այդպէս էր որ միթինկ բառը մէջս որպէս կռիւ տպաւորուեցաւ, երբ արդէն մեծցեր էի եւ սկսեր էի հանրահաւաքներու երթալ: Հիմա երբ հանրահաւաք բառը լսեմ, չեմ լար, պարզապէս … կը յոգնիմ տարօրէն: Ա՛լ չեմ հաւատար այդ կռուին, պայքարին, պայքարողներուն, պայքարը առաջնորդող ճառասացներուն եւ … նահանջողներուն…»:
Ուրիշ սիրելի բարեկամուհի մը՝ Արփի Սարիբեկեան նոյն առիթով կը գրէ դիմատետրի իր էջին.
«Անիծեալ պատերազմէն առաջ երբ այս տօնը կը շնորհաւորէի, սրտի կսկիծով կը յիշէի այն ընկերուհիներս, որոնք կորսնցուցեր էին իրենց մայրերը եւ ինծի երանի կու տային, որ կրնամ տակաւին շնորհաւորել մայրս այս տօնին առիթով: Պատերազմէն ետք … Այսօր միտքով կը գրկեմ բոլոր կիները, որոնց ամուսինները ա՛լ պիտի չշնորհաւորեն զիրենք, կամ աղջիկները, որոնց հայրերը երկինքէն պիտի շնորհաւորեն Մարտ 8-ը, եւ քոյրերը, որոնք Եռաբլուրի մէջ ունին իրենց պաշտպանները …
Երանի այս պատերազմը վերջինը ըլլար:
Այսօր եւ ասկէ ետք եկէ՛ք պահ մը գրկենք ծանր կորուստներ ապրած կիները եւ շնորհակալ ըլլանք այն խիզախ տղոց, որոնց շնորհիւ կ’ապրինք այսօր»:
Իսկ մտերիմ ընկերուհի մը՝ Անի Աստուրեան ելմակով գրեց.
«Այս առտու հետաքրքրական նկար մը ստացայ. սովետական շրջանի որմազդները կը յիշեցնէր, բայց «խօշ» էր. քիչ մըն ալ Ֆերնան Լէժէյի պաստառները՝ ճարտարարուեստի յեղափոխութեան շրջանը ներկայացնող…այդ ամէնը՝ հայ կնոջ ուժն ու նպատակասլաց միտքը ներկայացնելու համար:  Բայց ուրիշներ ալ ստացայ. մէկը՝ նուրբ, նազանի, պարող  հայուհիի նկարով, միւսը՝ լոփիկ, ժպտուն, բամբասող ընկերուհիներով, միւսն ալ տառապած հայ կնոջ քնքուշ նայուածքով… մտածեցի. «ահա այս բոլորն ենք ուրեմն…»:
Մէկ տղամարդ միայն, որ շնորհաւորանքէ տարբեր բան գրեր էր դիմատետրի պատին.
«Եթէ Հայաստանի կիները դադրին աշխատանքէ եւ գործադուլ յայտարարեն միայն մէկ շաբթուան համար, տեսէք թէ ինչե՜ր պիտի պատահին. բժշկական կեդրոններ, IT, պետական ծառայութիւններ, սուփըրմարքէթներ, ճաշարաններ, մաքրութեան ծառայութիւններ … բոլոր կեդրոնները որոնք կիներու վստահուած են շատ աւելի, քան շատեր կ’անդրադառնան, տակնուվրայ պիտի ըլլան, լաւագոյն պարագային՝ պիտի դանդաղին, եւ այս՝ երկրի մը մէջ, որ յատուկ «համբաւ» ունի կիներուն առնչութեամբ (կը յիշէ՞ք այն բազմաթիւ պատմութիւնները իրենց ամուսիններուն կամ կեսուրներուն ծեծին տակ սպանուած, կամ չսպանուած բայց տառապող կիներուն): Այս իրողութիւնը Մարտ 8-ը ինծի համար ամէնէն նուազ սիրուած տօնը կը դարձնէ: Հակառակ ասոր՝ զօրաւոր մնացէ՛ք եւ ձեր գեղեցիկ ժպիտը անթառամ պահեցէ՛ք …»:
Խիստ արական մաղթանք մըն է ասիկա՝ «ձեր գեղեցիկ ժպիտը անթառամ պահեցէ՛ք». ինչպէ՞ս, երբ իւրաքանչիւր օր իր հետ ծանր կամ թեթեւ հարցեր ու տառապանքներ կը բերէ կիներուն համար: Բայց կինը ունի՛ կարողութիւնը «իր գեղեցիկ ժպիտը պահելու», եւ ա՛յդ է իր գլխաւոր զօրութիւնը:
Ոչ միայն Հայաստանի, այլ ուրիշ շատ երկիրներու մէջ նաեւ, կինը որքա՛ն ալ «հաւասարութիւն» կամ իրաւունքներ ստացած ըլլայ, կը մնայ այն էակը, որ մի՛շտ պատրաստ եղած է տալու, նուիրուելու, եւ մնացեալ բոլոր փոքր ու մեծ տառապանքները լռութեամբ եւ ժպիտով տանելու. ա՛յս իրողութեան համար միայն կ’արժէ տօնել օրը եւ շնորհաւորել կիները, անոնք իմանան թէ ոչ, ծաղիկներ եւ շնորհաւորանք ստանան թէ ոչ:
Ինչպէս որ մայր ըլլալը կնոջ բնազդին էական մէկ մասն է, նոյնպէս ալ ուսուցիչ ըլլալը խառնուածքի, ընտրութեան եւ սիրոյ հարց է. թէ՛ մայրերը, թէ՛ ուսուցիչները ինչ որ կ’ընեն, կ’ընեն առանց հատուցում կամ գնահատանք սպասելու. եւ ճի՛շդ հոն է անոնց ոյժն ու զօրութիւնը:
Միակ մտածումը, որ կ’իշխէ վրաս ամէն տարի այն է, որ մենք, կիներս պէտք ունի՞նք այսքան շնորհաւորանքներու, որովհետեւ կը կարծեմ թէ բոլորս ալ պիտի նախընտրենք, որ իւրաքանչիւր օր տօնելու առիթ ըլլայ շրջապատին համար, ոչ թէ ծաղիկներով, նուէրներով եւ խօսքերով, այլ պարզապէս դրական վերաբերմունքով, որովհետեւ չենք գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ. թերեւս գալ տարի այս տօներէն ո՛չ մէկուն հասնինք, եւ զղջում ստեղծենք մեր սիրելիներուն համար: Ա՛յդ իսկ չենք ուզեր ընել՝ ամենափոքր ժխտական ապրումը ներշնչել մեր սիրելիներուն …
Թող ձեր իւրաքանչիւր օրը տօն ըլլայ ձեզի համար, սիրելի՛ կիներ, մայրեր, ուսուցչուհիներ, ոչ միայն ծաղիկներով եւ նուէրներով, այլ մանաւանդ ձեր զաւակներուն եւ աշակերտներուն վերաբերմունքով:
Մարուշ Երամեան