Ձեր տօնը շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ ուսուցիչներ,
դուք մատղաշ հոգիներուն թռիչք պարգեւող, անոնց միտքը զարգացնող, կեանքին պատրաստող անխոնջ մշակներ էք։

Կրթութեան ու գիտութեան կողքին, դուք սերունդներուն մէջ կը սրսկէք սէր, հոգատարութիւն, ազգասիրութիւն եւ ճշմարտութիւնը գտնելու յանդգնութիւն։

Ձեր աշխատանքէն կախեալ է մեր ապագան, յոյսն ու երազը:
Յարգանք ձեր վաստակին։

«Գանձասար»