Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը Սուրիոյ կարմիր մահիկին հետ գործակցաբար, Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս, 60 երիտասարդուհիներու բաշխեց «Blue Bag»-եր, որոնք կը բովանդակեն կենցաղային եւ մաքրութեան իրեր։