Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին եւ խորհուրդէն ներս Ետալեանի գործունէութեան։

Մակար սրբազան իր հայրական օրհնութիւններով գնահատեց Լեւոն Զաքի Ետալեանը եւ առաւել ուժ, կորով ու արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոր։