«Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին,
Ողբերգութիւն է համաշխարհային,
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ,
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ»։ 
Ա. Սահակեան
6 Փետրուար 2023, թուական մը զարհուրելի…
Թուական մը, որուն ընթացքին բնութեան ուժը իր աղէտալի երկրաշարժով պատճառ դարձաւ մարդկային, հոգեկան եւ նիւթական անհաշուելի վնասներու, խլեց զոհեր ու խոր սուգի մատնեց ամբողջ սուրիահայութիւնը, մանաւանդ՝ հալէպահայութիւնը։
Երկուշաբթի առաւօտ… օր մը սարսափազդու…
Օր մը, որուն ընթացքին մարդ իր տան մէջ հողակոյտի վերածուեցաւ։
ՏԷՐ ԿԵՑՈ ԴՈՒ ԶՀԱՅՍ…
Չէր բաւեր տասնամեակէ մը աւելի գաղութիս փոթորկալից կեանքը, որ սկսաւ «Արաբական Գարուն»-ով, ապա պսակաձեւ ժահրի համաճարակով, պատժամիջոցներով, որոնք երկիրս մատնեցին տնտեսական տագնապի. վրայ հասաւ աղէտալի երկրաշարժը…։ Վերոյիշեալ աղէտներուն արդիւնքով ունեցանք նահատակներ, որբեր, այրիներ, առեւանգուողներ, երկրաշարժի զոհեր, քանդումներ եւ սրտաբեկ հոգիներ։
Ոչ ոք կրնայ ըմբռնել աղէտին պատճառած ահաւոր վնասները։
6 Փետրուարի առաւօտուն, այդ հոգեցունց պահերուն, պահ մը աչքիս առջեւ տողանցեց 35 տարի առաջ Մայր Հայրենիքի՝ Սպիտակի եւ Կիւմրիի ահաւոր երկրաշարժը, որ խլեց 25 հազարէն աւելի զոհ, արձանագրուեցան կորուստներ, վիրաւորներ, անդամահատուածներ եւ հազարաւոր բնակարաններու քանդում։ Այդ օրերուն, հալէպահայութիւնը ձեռնածալ չմնաց, այլ փութաց օգնութեան իր վշտահար եւ ցաւակոծ եղբայրներուն: Թէեւ աղէտին ցաւը համամարդկային է, սակայն իւրաքանչիւր հայ պէտք է առաւել զգայ իր ազգակիցին ողբերգութիւնը, ըմբռնէ աղէտին տարողութիւնը եւ առաջին փութացողը ըլլայ անոր օգնութեան։
Այս ահաւոր աղէտին առջեւ ի՞նչ պէտք է ընել։ Յուսահատի՞լ… երբե՛ք։
«Պիտի դիմանաս, իմ հա՛յ ժողովուրդ, դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես. եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես»։
Երկրաշարժէն ժամեր անց, մեր հոգեւոր պետերու պատուէրով, եկեղեցական-ազգային իշխանութիւնը լայն բացաւ դռները եկեղեցիներու, սրահներու, դպրոցներու եւ ակումբներու որպէս օթեւան ողջ հայութեան եւ նոյնիսկ տեղացի ժողովուրդին, անոնց սնունդ եւ կենցաղային բոլոր կարիքները ապահովելով, մինչեւ իսկ՝ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով։ Իսկ հոգեւոր պետերը հերթաբար զօրակցական այցելութիւն կատարելով, աղօթելով, յորդորելով ժողովուրդը որ ապաւինի Աստուծոյ՝ երկնքի ու երկրի Տիրոջ, յիշեցուցին անոր պատուէրը. «Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա ու պիտի ապրիս»։
Հայ ժողովուրդը անգամներ ապրած է մահերու մահը, բայց երբեք չէ կորսնցուցած ապրելու ոգին, տոկալու կորովը։
Հայ ժողովուրդը անգամներ ապրած է մահերու մահը, բայց երբեք չէ վախցած մահէն, այլ աւելին՝ մահէն անդին կեանքին նայելով՝ ապրելու կամքը պահած է իր մէջ՝ շնորհիւ իր անսասան հաւատքին, անբեկանելի կամքին եւ վեհ տեսլականին։ Դարեր ամբողջ այսպէս ապրած ենք,  պիտի ապրինք ու պիտի գոյատեւենք։
Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան