Բարեկամներու հետ խօսակցութեան ընթացքին, երբ Սուրիոյ մէջ վերջերս պատահած աղէտը, ի մասնաւորի Հալէպ հայաշատ քաղաքէն ներս պատահածը կը քննարկէինք, առանց անդրադառնալու «բացօթեայ Հալէպը» արտայայտութիւնը ունեցայ։ Այս ածականին բերնէս սպրդելուն պէս մտածումներուս հոսքը տեղատարափ անձրեւի նման ողողեց ամբողջ էութիւնս։ Յուզմունքը եւ յուսահատութեան նշոյլները հազիւ թէ պիտի ազդէին հոգւոյս, երբ գլուխս թափահարեցի եւ Աստուածաշունչի բարձրաղաղակ ձայնը եկաւ  ականջիս. «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ» (Ա Կրն 10:13)։
Անմիջապէս գօտեպնդուած  Աստուածաշունչի խօսքով, Աստուծոյ նախախնամութեան առաւել եւս փարեցայ եւ վստահութիւնը ունեցայ առ այն, որ Տէր Աստուած մեզ կ’ազատէ։
Քանի մը օր ետք, Աստուծոյ Ս. խորանէն Աստուածամօր բարեխօսութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ժողովուրդին ըսաւ. «Եկած եմ ձեզի հետ ըլլալու»։ Ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտութիւն հօր մը կողմէ ուղղուած իր զաւակներուն։ Պարզապէս խօսք մը չէր վեհափառ հօր արտասանածը, այլ բառին ամբողջական առումով խոստում՝ ժողովուրդին հետ ըլլալու թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ նեղութեան օրերուն։ Իսկ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Հոգիէն առած շնորհքներով, իմաստութեամբ եւ ամբողջական խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ ժողովուրդին հետ ըլլալով կու տար «քաջ ու բարի հովիւ»-ին պատկերը։
Փորձութիւններ, փորձանքներ, պատերազմներ, աղէտներ, դժուարութիւններ… բառեր են, որոնք երբ կը լսէ մարդ արարածը, մարմինը կը փշաքաղուի եւ բերնէն դուրս կու գայ Աստուծոյ օգնութեան կանչը, ըսելով. «Աստուած մի՛ արասցէ։ Տէրը հեռու պահէ»։ Սակայն  երբ այս բոլորը հաւատացեալին կը հանդիպին, պէտք է իմանանք, որ Տէրը փորձութեան մէջ իսկ ցոյց կու տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենանք տոկալ (Ա Կրն 10:13)։
Մեր Տէրն ալ չարչարուեցաւ, արհամարհուեցաւ, սակայն ի վերջոյ յաղթական դուրս եկաւ, յաղթեց չարին եւ ոտնակոխ ըրաւ սատանային ծրագիրները՝ մեզ տալով յաղթութեան հօր զաւակներ տիտղոսը։ Կնքեց մեր հոգիները յարութեան դրոշմով եւ ազատեց մեզ յուսահատութեան ոգիէն։ Հետեւաբար այն մեծ վստահութիւնը, որ ունինք Աստուծոյ վրայ, պիտի պահէ մեր հաւատացեալները ամէն տեսակի փորձութիւններէ։ Սաղմոսերգուն կ’ըսէ, որ Աստուած պիտի ղրկէ իր հրեշտակները, որպէսզի շալկեն հաւատացեալը, որպէսզի անոր ոտքը քարին չի զարնուի։
Սուրիոյ մեր ժողովուրդը, ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը, շատ տուժեց վերջին տարիներուն։ Սակայն եւ այնպէս իր մեծ հաւատքով եւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած մեծ վստահութեամբ, կը հաւատամ եւ վստահ եմ որ դարձեալ պիտի կանգնի, դարձեալ պիտի փայլի, դարձեալ պիտի ծաղկի եւ ինչպէս արեւամուտէն ետք արեւը դարձեալ կը ծագի, նոյնպէս պիտի ծագի հալէպահայութեան վրայ։ Աստուծոյ ամպէ սիւները պիտի պաշտպանեն ու պահեն հալէպահայութիւնը։
Աստուծոյ Աջը պահէ մեր հայ ազգը իր ղեկավարներով եւ համեստ, սակայն վեհանձն, իմաստուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդով։
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան