«Մոլորակաբան» Ֆրենք Հուկըրպիթս յեղակարծ  եւ մեկուսի երեւոյթ չէ: Կը պատկանի այսպէս կոչուած «Համպուրկի դպրոցին», որուն հիմնադրական մատեանը կը տեսնենք կողքի նկարին մէջ: Դասագիրքը (339 էջ) հրատարակած է Ալպերթ Վիթթէի սան եւ ժառանգորդ Ռ. Էլփըրթին (1901 – 1988) իր ուսուցիչի… անձնասպանութենէն ետք (1941): Գիրքին նոր հրատարակութիւնը կը վաճառուի համացանցի վրայ (1):

Պատմական.- Նախքան 18-րդ դար` աստղա-բանութիւնը (Astro-logy) անջատուած չէր աստղագիտութենէն (Astronomy), որ կը համարուէր թէ՛ յարգարժան եւ թէ` անհրաժեշտ մասնագիտութիւն: Երկնային մարմինները ցոյց կու տային տարուան ժամանակը: Այդ կենսական էր ե՛ւ նստակեաց երկրագործական հաւաքականութիւններու ե՛ւ քոչուոր ցեղախումբերու համար: Երկնային մարմինները յաճախ կը նոյնացուէին դիցերու հետ: Մարդիկ կը յուսային  երկինքէն յղումներ ստանալ: Երկնային «թաքնագրուած» յղումները վերծանելու ատակ էին միայն տաճարներու մէջ պատրաստուած աստղաբանները: Իշխանաւորներ այդ մարդոց խորհուրդին կը դիմէին կարեւոր որոշումներ (ինչպէս` արշաւանք) տալէ առաջ:

Աստղաբանութիւնը ունեցած է օգտակար հետեւանքներ: Երկրակեդրոն դրութեան տէր Պտղոմէոս (100-170 ՅՔ) պատրաստած է իր ժամանակուան ամենաճշգրիտ քարտէսը, որպէսզի կարենայ որոշել, թէ տուեալ անձը ո՛ր աստղի տակ ծնած է: Աստղաբաններ էին նաեւ բազմաթիւ հետագայ ականաւոր աստղագէտներ, ինչպէս` Քեփլըր: Արեւմտեան աստղագիտութեան ակունքը Բաբելոնն է: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (2):

Եզրակացութիւնները հիմնուած էին զանազան համաստեղութիւններու, արեւու, լուսնի եւ տեսանելի հինգ մոլորակներու դասաւորումին ու շարժումներուն վրայ: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ Սեւանի աւազանին մէջ գտնուած ՆՔ 11-12 դարու պատկանող պրոնզեայ թերթ մը: Երկրի մօտիկ երկու մոլորակներ (շատ հաւանաբար` Արուսեակ եւ Հրատ) ցաւօք կորսուած են:

Աստղաբանական դրոյթները եւ բառամթերքը մշակոյթի մաս կազմած էին: Այդ կարելի է տեսնել գործերուն մէջ ականաւոր հեղինակներու, ինչպէս` Շէյքսփիր եւ Միլթըն: Աստղաբանութիւնը նոյնիսկ գրոհած է լեզուէն ներս: Լատիներէնէ սերած իտալերէնի (եւ ոչ միայն) մէջ  «disastro» (սխալ աստղ) կը նշանակէ «աղէտ»:

Միեւնոյն համաստեղութիւնը տարբեր մշակոյթներու կողմէ կ՛ընկալուի տարբեր կերպով: Կարիճի աքցանները յոյները տեսած են որպէս կշիռք: Ամերիկայի բնիկները Մեծ արջը տեսած են որպէս արօր եւ այլն:

Մոլորակներուն վերագրուած յատկութիւնները ի հարկէ որեւէ առնչութիւն չէին կրնար ունենալ անոնց ֆիզիքական կառոյցին հետ: Այժմ գիտենք, օրինակ, որ սէր եւ գեղեցկութիւն մարմնացնող Արուսեակը (Վենիւս) իսկական դժոխք մըն է, ուր իր հեղձուցիչ (ածուխի երկթթուակ CO2) մթնոլորտն ի վար մոլորակը ծածկող թանձր ամպերը  ծծումբի թթու (Sulfuric Acid) կը տեղան  եւ + 480 սելսիուս ջերմաստիճանը աւելի քան բաւարար է հալեցնելու կապարը եւ նոյնիսկ զինկը: Հրատ, որ առնչուած է պատերազմի ահեղ աստծու (Մարս, Martius) հետ, անապատային սառնամանիք թզուկ մըն է, որուն կարմրաւուն գոյնը հետեւանքն է զինք ծածկող աւազի բաղադրութեան  եւ գրեթէ չգոյ մթնոլորտի (3):

Հրատ  առնչուած է աստղագիտական արտասովոր երեւոյթի մը «յետադարձ» (retrograde) շարժումի հետ: Պարզ բացատրութիւնը այն է, որ արեւու շուրջ դառնալու մեր արագութիւնն է մօտ 30քմ/երկվարկեան, իսկ Հրատի` մօտ 24 քմ/երկվայրկեան: Երբ մենք կ՛անցնինք Հրատի կողքէն, կը թուի, թէ մոլորակը դէպի ետ կը շարժի: Այս կը պատահի մօտ 26 ամիս պարբերութեամբ (4): Մենք այդ տպաւորութիւնը յաճախ կ՛ունենանք, երբ մեր կողքի ինքնաշարժը (կամ շոգեկառքը) մեզմէ քիչ մը դանդաղ կը շարժի: Կողքի գծապատկերը պարզացուած ձեւով ցոյց կու տայ Հրատի շարժումը «անշարժ» աստղերու խորապատկերին վրայ: Աւելի հեռու մոլորակներու պարագային, այս երեւոյթը պարզ աչքով նկատելի չէ:

Երկնային մարմիններու յետադարձ շարժումը կը համարուէր չարագոյժ: Չարագոյժ կը համարուէր նաեւ խաւարումը: Ի տարբերութիւն այլ բանդագուշանքներու` այդտեղ կայ ճշմարտութեան որոշ բաժին: Խաւարումները կը պատահին երբ արեւը, լուսինն ու Երկիր մոլորակը կը գտնուին նոյն ուղիղ գիծին վրայ: Արեւու եւ լուսնի ձգողական ուժերը ուղղակի կը գումարուին: Ծանօթ է, որ արեւու խաւարումի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ աւելի բարձր մակընթացութիւն: Հաշուարկը, սակայն, կարելի չէ կատարել հասարակ թուաբանութեամբ (arithmetic), որովհետեւ երեք մարմինները պտոյտի մէջ են եւ անոնց ձգողութիւնները նաեւ կը պատճառեն ոչ միայն ձեւափոխում (ինչպէս` մակընթացութիւն), այլ նաեւ` կեդրոնաձիգ (centripetal) արագացում:

Մերօրեայ Աստղաբանը.- Ֆրանք Հուկըրպիթս իր հաշուարկներուն մէջ բնագիտական սկզբունքներ չի ներառեր: Այդ օրինաչափ է, որովհետեւ աստղաբանութիւնը փակ (hermetic) մարզ մըն է: Անոր օրինաչափութիւնները եւ սկզբունքները «անժամանցելի» են, որովհետեւ կը գտնուին գիտութենէ դուրս: Գուշակութիւնները տակաւին հիմնուած են այն հինգ մոլորակներուն վրայ, որոնք տեսանելի էին հազարամեակներ առաջ (4):

Մոլորակներու առնչուած միակ դաշտը ձգողութիւնն է: Մագնիսական դաշտը, որ կը յառաջանայ ելեկտրական լիցքերու շարժումով, աննշան է։ Մոլորակները մեծ քանակութեամբ զուտ (net) ելեկտրական լիցք չեն կրնար ունենալ: Որեւէ լիցք  շատ արագ պիտի չէզոքացուի: Տիեզերքի եւ մեր Ծիրկաթինի մէջ դրական եւ բացասական լիցքերու քանակը հաւասար է: Հուկըրպիթս կ՛ակնարկէ մագնիսական դաշտերու հաւանաբար, որովհետեւ այդ օրերուն մագնիսականութիւնը տակաւին առնչուած էր ոգեղէն երեւոյթներու: Մարդոց վրայ մոլորակներու մագնիսական ներգործութեան շուրջ աղմուկ բարձրացուցած ամէնէն ականաւոր դէմքն է գերմանացի բժիշկ Ֆրանց Մեսմեր (1734-1815), որուն անունով մկրտուած է քնէածութիւնը (mesmerisation=hypnosis): Կողքի գծանկարին մէջ կը տեսնենք անոր ենթադրեալ ցուցադրութիւններէն մին: Թէ ինչո՛ւ ունեցած է արտասովոր յաջողութիւն եւ մեծ ժողովրդականութիւն, հարցում մըն է, որուն կարող են պատասխանել ընկերաբաններն ու հոգեբանները: Ըստ իս, տագնապներու եւ անորոշութեան մէջ տուայտացող մարդու համար գրաւիչ է երկինքէն եկող հաւաստի յղումը:

Ինչպէս վերը նշած էի, միակ երկնային մարմինը, որ ատակ է Երկիր մոլորակի մակերեսին վրայ ազդեցութիւն ունենալ, լուսինն է, որովհետեւ անհամեմատ աւելի մօտ է մեզի: Կողքի տախտակը ցոյց կու տայ մոլորակներու ձգողական ուժի բաղդատականը: Եթէ նոյնիսկ բոլոր մոլորակները դասաւորուին նոյն ուղղութեամբ (երեւոյթ մը, որ մօտաւորապէս, ոչ ճշգրտօրէն պիտի պատահի… 2492 թուին), ապա անոնց համատեղ ձգումը պիտի հաւասարի լուսնի ձգումի լոկ 1,6 առ հարիւրին, այսինքն` 60 անգամ նուազ: Մոլորակները որեւէ ֆիզիքական դեր չունին` որպէս երկրաշարժ խթանող ազդակ: Անոնք կրնան խթանել միայն ոմանց երեւակայութիւնը:

Ճարտարագիտութեան Վնասները.– Հին օրերուն հարկ էր, որ հէգ աստղաբաններ տքնէին որոշելու համար երկնային մարմիններու դիրքերը անցեալին, առաւել եւս` ապագային: Այժմ այդ գործողութիւնը կը պահանջէ քանի մը երկվայրկեան: Համացանցի վրայ ձրիօրէն հասանելի են նման կայքէջեր: Տես, օրինակ, https://www.theplanetstoday.com/: Հուկըրպիթս հաւանաբար կը գործածէ անոնց մէկ տարբերակը:

Վերի պատկերին մէջ դեղին ուղիղ գծով նշուած երեք երկնային մարմիններու (լուսին, հզօր Լուսնթագ եւ Փայլածու) համընկնումի (conjunction) յայտնաբերումը ինձմէ պահանջեց նուազ քան հինգ վարկեան: Կը մնայ վերծանել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երկնային այս յղումը, արդեօք ջրհեղե՞ղ, թէ՞ տոլարի գահավէժ անկում: Առաջինը անշուշտ որ  աւելի հաւանական է:

1755 թուականի «Halloween» իրիկուան ժամը շուրջ 10:00-ին հզօր 7+ երկրաշարժ մը կործանած է Լիզպոնը եւ խլած` քանի մը տասնեակ հազար կեանք: Երկրաշարժին հետեւած է ցունամի, որ կործանած է նաւահանգիստն ու նաւերը, ապա` համատարած հրդեհ, որ մոխրացուցած է  թանգարաններ եւ արուեստի անգին գանձեր: Յետցնցումները շարունակուած են քանի մը ամիս:

Հալոուին, ի հեճուկս «Ամենայն սրբոց» վերանուանումին, կը շարունակէ մնալ հեթանոսական դիմակաւոր ծէս «քարնավալ», ուր մարդիկ կը պայքարին այդ գիշեր ազատ սաւառնող ոգիներու դէմ: Կործանող երկրաշարժի զուգադիպութիւնը այդ օրուան չէր կրնար անտեսուիլ աստղագուշակներու կողմէ:

Միամիտ փորձ.- Ինքնազարգացումի նպատակով փորձեցի հետեւիլ այդ երկրաշարժի վերլուծումին: Հարկ է որոշել, թէ աղթարքի ո՞ր «տան» մէջ կը գտնուին տուեալ մոլորակները: Շատ արագ պարզ դարձաւ, որ արեւմտեան աստղաբանութեան մէջ «ճշգրիտ» գուշակութիւն կատարելու համար կարելի դասաւորումներու թիւը այսպիսով կը դառնայ աստղաբաշխական (5): Համացանցի վրայ կան կայքէջեր, ուր իբր թէ բացատրուած են «գիտական» աստղաբանութեան օրէնքները (6): Երեք օր տքնելէ ետք  համոզուեցայ, որ իմ ունեցած թուաբանական պատրաստութիւնը չհէգ աստղաբաններ օգներ վերծանելու «Անկիւնադարձային» կամ վտանգաւոր  երկրաչափութիւն» (Հուկըրպիթսի բարբառով critical geometry) համարուող դասաւորումներու բնոյթը: Առանց կեղծ համեստութեան` այդ կը նշանակէ, որ մարդոց աւելի քան 99,8 առ հարիւրին համար անոնք անվերծանելի, ուրեմն եւ անհասկնալի են: Կողքի գծապատկերին մէջ վտանգի աստիճանը ներկայացուած է կարմրաւուն գիծերով: Նման գծապատկեր պատրաստելու համար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր դասաւորումի համար որոշել քանի մը քանակական արժէք (երկրաշարժ, նիւթական բարօրութիւն, պատերազմ, սէր եւ այլն): Այդ արժեւորումը ակնյայտ է ոչ մէկ աստղաբանին համար:

Ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը.- Հանելուկին պատասխանը ստացայ պատահաբար:  Պրպտումներու ընթացքին սկսայ հանդիպիլ բազում ծանուցումներու, որոնցմէ մին տեղադրուած է նոյնինքն Հուկըրպիթսի յօրինած  աստղաբանական հաստատութեան (Solar System Geometry Survey-SSGEOS)  կողմէ: Աւելի խօսուն եւ բացայայտ են, սակայն ականաւոր աստղագէտ-աստղաբաշխ Քեփլըրի անունը կրող ընկերութիւնը եւ անոր նմանները: Անոնք մատչելի գումարներով (ինչպէս` 300 տոլար) համակարգչային ծրագիրներ, դասագիրքեր եւ դասընթացներ կը ներառեն:  Աստղաբանութիւնը փակ (esoteric) մարզ է: Ժառանգորդն է երբեմնի քուրմերու դպրութիւններուն, որոնք դիտմամբ այնպէս  մեհենագրուած էին, որ անիմանալի ըլլան հասարակ ժողովուրդին: Դպրութեան ծանօթանալու համար հարկ է աշակերտել քուրմի մը: Այս օրերուն` ի հարկէ վճարովի: Կայ այլ առիթ: Կարգ մը «գիտնականներ» պետութենէն նպաստ կը պահանջեն կատարելու համար երկրաշարժը նախատեսող ուսումնասիրութիւններ եւ սարքեր ստեղծելու համար: Իմաստուն գաղափար չէ՞ քանի մը հազար , կամ նոյնիսկ միլիոն տոլարի ներդրում կատարել` խուսաբելու համար աղէտէ մը, որ անասելի աւեր եւ թշուառութիւն կը պատճառէ:

Հուսկ բանք. Աստղաբաշխներ անմիտ մարդիկ չեն, այլ` մարդիկ, որոնք կը շահագործեն անմիտները: Ծանօթ ենք տեղացի կնոջ մը, որ ամէն Ամանորի գուշակութեան հազարաւոր հաստափոր գիրքեր կը վաճառէ: Գիրքեր, որոնց մէջ ոչ մէկ աներկբայ նախադասութիւն կարելի է գտնել: Այդ օրինաչափ է: Գուշակութիւնը երբեք յստակ եւ իմանալի չէ եղած: Բիւր մշուշապատ թելադրութիւններէն մէկն ու մէկը կրնայ հետագային թարգմանուիլ որպէս գուշակութիւն: Մեհեանները ի սկզբանէ եղած են դրամաշորթ խաբէութեան բոյներ: Ինծի ծանօթ ամէնէն վառ օրինակն է յունական Տելֆի (Ապողոն աստծու) բարգաւաճ տաճարը, որ իրարեյաջորդ վերականգնումներով գործած է աւելի քան ութ դար:

Աստղագուշակութիւնը «պիզնես» մըն է, որ կը սնանի տգէտ մարդոց սնոտիապաշտութեամբ: Ցուցափեղկի մէջ կը զետեղուին համակարգիչներ ու գծագիրներ` գիտականութեան պատրանք ստեղծելու համար: Հաղորդակցութեան  միջոցները պէտք չէ արտօնեն, որ Հուկըրպիթս եւ իր նմանները կառուցեն մերօրեայ Տելֆիի տաճար:

————————

  1. Հեղինակը անձնասպան եղած է, երբ իր անծանօթ մոլորակներու գոյութեան դրոյթը ձաղկի ենթարկուած է աստղագէտներու կողմէ: Այժմ Փղուտոնը մոլորակ կը համարեն միայն գուշակները:
  2. «Բաբելոնեան բարդ ալիքներ եւ հայկական ցաւոտ մակաբերում», «Ազդակ», 26 փետրուար 2021:
  3. Հրատի, ինչպէս եւ լուսնի զանգուածները բաւարար չեն կազերը իրենց շուրջ պահելու: Երկիրը, ցաւօք, իւրաքանչիւր օր 90 թոն օդ կը կորսնցնէ:
  4. Ոմանք կը հաւատան, որ այդ իմաստութիւնը, որ ժառանգուած է ծովամոյն Աթլանթիսի գերակայ քաղաքակրթութենէն եւ կամ նոյնիսկ բարեմիտ այլմոլորակայիններէ
  5. 9 մոլորակ x 12 ախթարքի տուն = 108 դիրք: Այդ դիրքերէն 9-ը (մոլորակներու թիւը) կարելի է իրարու հետ կապել աւելի քան 380 000 000 000 000 000 000 ձեւերով:
  6. Տես, օրինակ, https://aztro1.com/education/planetary_geometry.htm

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ