ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունով 15 Մարտին մասնակցած է Չինաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան (այսուհետեւ՝ ՉԿԿ) կազմակերպած «Չինաստանի Կոմկուսի Աշխարհի Քաղաքական Կուսակցութիւններու Երկխօսութիւն» խորագիրով հեռավար համաժողովին:

Քննարկումը նախագահած է ՉԿԿ գլխաւոր քարտուղար, Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան նախագահ Սի ՑինՓին: Հեռավար համաժողովի պատուիրակներու մէջ կային Լատինական Ամերիկայի, Ասիոյ, Եւրոպայի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, կուսակցութիւններու առաջնորդներ: Պատուիրակները կարելիութիւն ունեցած են քննարկելու ժամանակակից աշխարհի համաշխարհային մարտահրաւէրները, բազմաբեւեռութիւնը եւ քաղաքական, գաղափարական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը:

Համաժողովին նախորդած է Չինաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան հերթական համագումարը, որ դիտուած է իբրեւ առաջին նման զանգուածային համաշխարհային համաժողով: