16 Մարտին Թրքական պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ելոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջներուն եւ հերթական յարձակումի նախապատրաստման բացայայտ դրսեւորում էր։
Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը ներկայացնելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան» մտացածին անուան տակ՝ Ատրպէւճանի նախագահը կոպտօրէն խախտած է ոչ միայն ՄԱԿ կանոնադրութիւնը, Պետութիւններու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու մասին ՄԱԿ ԳԱ հռչակագիրը, Ալմաթայի հռչակագիրը, այլ նաեւ Փրակի Սոչիի յայտարարութիւններով իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնց յղում կատարուած է այս ելոյթով:
Ատրպէյճանի ղեկավարի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը միտուած է ամբողջութեամբ խաթարելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը եւ դիմելու լայնածաւալ ուժի կիրառման Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին, Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ։ Աւելին, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան նկատմամբ հնչող վիրաւորական բառապաշարը, որ կ’ուղեկցուի տեղւոյն մարդասիրական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւններով, ի ցոյց կը դնէ բարձրագոյն մակարդակով ցեղային զտումներ իրականացնելու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի անթաքոյց քաղաքականութիւնը: