ԳԱՐՆԱՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Բնութիւնը ուրախացաւ եւ արթնցաւ ձմրան երկար քունէն: Աճեցան կանաչ խոտը եւ գարնան առաջին ծաղիկները:
Արեւուն մեղմ ճառագայթները պայծառ լոյսով կը տաքցնեն Հալէպ քաղաքը:
Արեւուն տաք շողերն ալ արթնցուցեր են Հալէպ քաղաքի ծառերը, իսկ գեղեցիկ  մակնոլիան որ կը հրճուի Մարտի կիսուն տալով իր ծաղիկները՝ գրաւած է անցորդներուն հիացումը: Շատ մը վայրերու մէջ արդէն կը ծաղկին աքասիաներ, կեռասենիներ, ծիրանիներ եւ այլ ծառեր: Բոլոր բողբոջները նոր են՝ կը պատրաստուին ծաղկաբոյլեր դառնալու:
Առաջին գարնանային միջատները կը սողան իրենց թաքստոցներէն:
Թռչունները ուրախ-զուարթ կը ճռուողեն:
Բնութեան զարթօնք է եւ ամէն տեղ  անուշաբոյր կանաչը կը խորհրդանշէ նոր կեանք, երիտասարդութեան եւ գեղեցկութեան յաղթանակ:
Կեցցէ՜ գարունը:
Բոյսերն ալ շնչող էակներ են,Աստուծոյ ստեղծագործութիւններ են, որոնք թթուածին արտադրելով կը ստեղծեն առողջ մթնոլորտ մը:
Անոնք կը կազմեն մարդկութեան սնունդի կարեւորագոյն մէկ բաժինը:
Մենք կ’օգտուինք բոյսերու բոլոր բաժիններէն: Անոնց մէջ կը գտնուին հիւթեր եւ նիւթեր, որոնք կ’օգտագործուին անուշահոտեր պատրաստելու, իսկ բժշկական գետնի վրայ բոյսերը կը բաժնուի հինգ խումբերու.
1-Բոյսեր, որոնց տերեւները կ’օգտագործուին, ինչպէս՝ անուխը, ռեհանը, թմբին  եւ այլն…
2-Բոյսեր, որոնց ծաղիկները կ’օգտագործուին, ինչպէս՝ յասմիկը, վարդը եւ այլն…
3-Բոյսեր, որոնց կողմերը եւ կուտերը կ’օգտագործուին, ինչպէս՝ կասիան…
4-Բոյսեր, որոնց հունտերը եւ կուտերը կ’օգտագործուին, ինչպէս՝ անիսոնը, քիմիոնը, շումրան եւ այլն…
5-Բոյսեր, որոնց արմատները կ’օգտագործուին, ինչպէս՝ սուսը, շողգամը, բողկը, ստեպղինը եւ այլն…
Բոյսերով զբաղիլն ու զանոնք խնամելը հաճելի եւ օգտակար ժամանց մըն է, մանաւանդ երբ կը ստանանք անոնց արդիւնքը:
Անոնք կը զարդարեն մեր բնակարանները եւ գործատեղիները, ինչպէս նաեւ մեր պարտէզները:
Եթէ մեր տան մէջ բոյսեր պիտի պահենք, պէտք է զետեղենք զանոնք պատուհանին մօտ՝ օգտուելու համար արեւուն լոյսէն: Սենեակը մութ ըլլալու պարագային, հարկ է  օգտագործել ելեկտրական հոսանքը:
Սենեկային բոյսերը մեր տուներուն կը պարգեւեն հանգստութիւն: Անոնք կը նպաստեն տան գեղեցկութեան, բարերար ազդեցութիւն կ’ունենան մեր առողջութեան եւ ջղային դրութեան վրայ: Սենեկային բոյսերու ներկայութիւնը եւ անոնց խնամքը խթան  կը հանդիսանան կարգ մը հիւանդութիւններու  բարելաւման, մանաւանդ որ կը հանգստացնեն կանանց ջղային համակարգը:  Անոնք իրենց թթուածին արտադրումով կը ստեղծեն առողջ կենսոլորտ մը, որուն այնքան պէտք ունին քաղաքի ապականած օդին մէջ խեղդուած տուներն ու բնակարանները: Սենեկային բոյսերը կը բարձրացնեն մեր տրամադրութիւնը եւ կը թեթեւցնեն ընկճախտը:
Ամենակարեւորը այն է, որ սենեկային բոյսերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն  մեր միտքի կեդրոնացումին վրայ, կը բարձրացնեն աշխատանքի արտադրողականութիւնը: Անոնք կը պահպանեն օդի խոնաւութեան մակարդակը:
Այս բոլորին իրազեկ դառնալէ ետք, չ’արժե՞ր շրջապատուիլ սենեկային բոյսերով, որոնք կը նպաստեն մեր կեանքի բարելաւման:
Ուստի՝ մեր խոհանոցը կրնանք զարդարել լեռնավարդով: Ան իր գեղեցիկ եւ վարդագոյն ծաղիկներով ոչ միայն գեղեցիկ տեսք կու տայ, ալ  նաեւ կը կլանէ օդի թունաւոր նիւթերը, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ բնական  միջոց մաքրութեան համար:
Մարդիկ վեցհազար տարիէ  ի վեր  ննջասենեակները կը զարդարեն ալէօվերայով: Եգիպտոսի մէջ ան յայտնի էր՝ որպէս անմահութեան ծաղիկ: Ան գիշերը թթուածին կարտադրէ եւ կը կլանէ ածխաթթու կազերը:
Հիւրասենեակի մէջ Պենճամին թթենին կը խոնաւցնէ օդը եւ գեղեցիկ տեսք կու տայ սենեակին:
Աշխատասենեակին մէջ  կռափուշը (քակթիւս) միւս բոյսերէն աւելի լաւ կը կլանէ համակարգիչի ելեկտրամաքնիսական ճառագայթները:
Արհեստանոցի մէջ  կարելի է օգտագործել շուշանը, որ թունաւոր նիւթերը շատ արագ կը մաքրէ:
Հետեւաբար գարնան հետ նոր գոյն ու թարմութիւն պարգեւեցէ՛ք ձեր կեանքին ու բնակարանին: