ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեան, Հալէպի Սքաք խումբի խաղացող Յովիկ Միսաքեան Սուրիոյ հաւաքականին հետ մեկնեցաւ Իրաք, իր մասնակցութիւնը բերելու Իրաքի բարեկամական եւ արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքին:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը հրապարակեց նոր ցուցակը պասքեթի բոլոր տարիքներու եւ խումբերու մրցաշարքերուն, որոնք վերջին շրջանին դադրած էին երկրաշարժին հետեւանքով:
– Հալէպի Իթթիհատ Ահլի ակումբը ֆութպոլի Ա. խումբի մարզիչ նշանակեց Հուսէյն Աֆաշը, որ պիտի փոխարինէ հրաժարեալ մարզիչ՝ Մահէր Պահրիին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԷԼՄԻՐԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՐԱՁԳՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ ընթացող գնդակային հրաձգութեան Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանը ներկայացնող Էլմիրա Կարապետեան դարձաւ  պրոնզէ մետալակիր: Ըստ  Հայաստանի հրաձգութեան դաշնութեան տեղեկութիւններուն, օդամղիչ ատրճանակ ձեւի 10 մեթր – 60 կրակոց վարժութեան ան ապահովելով 577 կէտ, 59 մասնակիցներու մեջ գրաւեց   3-րդ դիրքը եւ մուտք գործեց  կիսաեզրափակիչ փուլ: Այնտեղ հայ մարզուհին վաստակեց  250 կէտ եւ պահեց 3-րդ հորիզոնականը: Յիշեցնենք, որ Էլմիրա Կարապետեան 2022 թուականի աշխարհի առաջնութեան մրցումներուն ձեռք բերաւ  Փարիզ-2024 Ողոմպիական խաղերու ուղեգիրը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՆԷՅՄԱՐ ԾՈՒՆԿԻ ԾԱՆՐ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔ ՍՏԱՑԱՒ
Ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերման խումբի պրազիլցի, յարձակողական խաղացող Նէյմար աջ ծունկի վիրահատութեան ենթարկուեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւններ յայտներ  L’Equipe-ը: Նէյմարի ծունկի վիրահատութիւնը կատարուեցաւ Քաթարի նշանաւոր հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ 10 Ապրիլին: Աւելցնենք, որ  19 Փետրուարին տեղի ունեցած Ֆրանսայի առաջնութեան 24-րդ փուլի  «Լիլի» հետ կայացած խաղին,  Նէյմար ստացաւ ծունկի ծանր վնասուածք, որուն հետեւանքով ան այս տարի պիտի չկարենայ շարունակել մրցաշարքը եւ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն շուրջ 4 ամիս: Այս տարեշրջանին ան ֆրանսական խումբին հետ մաս կազմեց 29 հանդիպումի, նշանակելով 18 կոլ եւ կատարելով 17 կոլային փոխանցում:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան