Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագով յիշատակուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած եւ սրբադասուած քառասուն մանուկներուն (զինուորներուն) տօնը եւ Հալէպի մէջ ԺԴ. դարուն հիմնադրուած Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ տիար Մանուէլ Տէր Մանուէլեան, տիար Գուրգէն Գալուստեան եւ հաւատացեալներու բազմութիւն:
Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գէորգ սրկ. Սեմէրճեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ առիթ ընծայեց միասնաբար յիշատակելու Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ սրբոց քառասնից մանկանց բարեխօսութիւնը հայցելու՝ ողջ աշխարհի, Հայաստանի, Արցախի, ծննդավայր Սուրիոյ եւ մանաւանդ սուրիահայութեան բարօրութեան համար:
Մեծ Պահեցողութեան հինգերորդ Կիրակիին, անիրաւ դատաւորին առակը պատմելով, Սրբազան Հայրը մատնանշեց Տիրոջ մեզի փոխանցած կարեւոր ճշմարտութիւնները: Քրիստոս մեզի կը պատուիրէ առանց վհատելու աղօթել, այս մէկը կը պահանջէ ներքին ուժ եւ կամք, այլ խօսքով՝ հաւատք, յոյս եւ սէր:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ հաւատացեալը եւ ի ներքուստ Աստուծոյ վստահող մարդը կը հաւատայ, որ Աստուած պիտի լսէ զինք եւ յարմար ժամանակին պիտի պատասխանէ իր աղաչանքներուն: Երկրորդ առաքինութիւնը, որ աղօթքի ճամբով մեր մէջ կը զարգանայ յոյսն է: Հաւատացեալը, երբ նեղութեան մէջ կը դիմէ Աստուծոյ, չի յուսահատիր, այլ յոյսով եւ վստահութեամբ կը սպասէ Տիրոջ միջամտութեան: Աւելին, աղօթքը մեր նմանին հանդէպ սէր կը սերմանէ մեր մէջ եւ մեր սէրը կ’աւելցնէ։
Օրուան երկրորդ առակին՝ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակին մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը պատուիրեց մաքսաւորին նման հպարտութենէ հեռու, խոնարհ սրտով աղօթել, որպէսզի Աստուած ընդունի մեր աղօթքը, ներէ մեր յանցանքները եւ մեզ բարձրացնէ, ինչպէս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):
Սրբազան Հայրը օրուան խորհուրդը եզրակացնելով յայտնեց, թէ յարատեւ աղօթել կը նշանակէ մեր սրտին, մտքին, զգացումներուն եւ առօրեայ կեանքին առանցքը զԱստուած դարձնել, ամբողջ սրտով եւ խոնարհ հոգիով Անոր դիմել, որպէսզի Անոր ողորմութեան դռնէն ներս մտնելով Իր խաղաղութիւնը ունենանք եւ արժանի դառնանք Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգելու:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ներկաներու ննջեցեալ հարազատներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր խրախուսեց ժողովուրդի զաւակները ճանչնալու զՔրիստոս եւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց բարեխօսութիւնը խնդրելով աղօթական իրենց կեանքը շարունակելու:
Աւարտին, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս կարկանդակի հատում կատարուեցաւ՝ շնորհաւորելով Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Մանուէլ Տէր Մանուէլեանը եւ Մանուկ անուն կրողները՝ իրենց անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Դպրաց Դասը երգ մը երգեց, ապա Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը եւ անոր ատենապետ տիար Սարգիս Կիրակոսեանը, տիկնաց յանձնախումբը, աղքատախնամը, դպրաց դասի վարչութիւնը, դպրապետը, սարկաւագներն ու դպիրները, որոնք իրենց նուիրական ծառայութեամբ կը ծաղկեցնեն պատմական արժէք ներկայացնող Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին։