Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Կիպրոս: Նորին Ս. Օծութեան դիմաւորելու եկած էին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի մօտ Լիբանանի դեսպան Գլոտ Ալ Հաժալ, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ քահանայ հայրեր:

 

Ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարան, ուր Հայրապետը ընդունելութիւն ստացաւ ազգայիններու կողմէ, որմէ ետք ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ կանոնական աղօթք։ Արարողութենէն ետք, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան ու Հայրապետին միջեւ:

 

Սրբազան հայրը նախ ներկայացուց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի անդամները, ապա իր բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը հանդիսացող թեմերու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման: Սրբազանը յատուկ կերպով շեշտեց, որ Նորին Սրբութեան այցելութեան առիթով Կիպրոսի հայոց թեմէն ներս կը տիրէ խանդավառ մթնոլորտ:

 

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Կիպրոսի հայոց թեմէն ներս գտնուելուն առիթով՝ ընդգծելով, որ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը վերակազմակերպման աշխատանքները աշխուժացնել եւ այս գծով մշակուող ծրագիրներուն մօտէն ծանօթանալ է: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմերու վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: «Մեզի համար թեմերը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ իրականութիւններ չեն: Ճիշդ է, իւրաքանչիւր թեմ ունի իր իւրայատուկ միջավայրը ու առաջնահերթութիւնները, սակայն այդ բոլորը միացնող հասարակ յայտարարներ կան: Հոս է, որ մենք պէտք է առաւելագոյն չափով աշխատանք տանինք՝ թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք կամուրջներ հաստատել, յարաբերութիւններ մշակել, ներդաշնակութիւն ստեղծել համայնքային կառոյցներուն միջեւ եւ համագործակցութիւն յառաջացնել թեմերու միջեւ», ըսաւ Հայրապետը: Ապա, ան յատուկ կերպով շեշտեց հրամայականը եկեղեցին ժողովուրդին տանելու՝ ծիսական կեանքը վերանորոգելով եւ զայն երիտասարդութեան գրաւիչ դարձնելով: Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

 

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը մտերմիկ ընթրիք մը ունեցաւ Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Սրբազան հայրը եւ Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչը:

 

Յայտնենք, որ Կիպրոս այցելութեան՝ Հայրապետին կ՚ընկերանան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: