«Արմէնփրէս»._ Հայաստան կ’ակնկալէ Ռուսիոյ Դաշնութեան աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու հարցով։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ միատեղ ասուլիսի ընթացքին։

Միրզոյեան նախ յիշեցուցած է Լաչինի միջանցքին 3 ամիս շարունակուող շրջափակումը, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ Պաքուն խախտած է եռակողմ համաձայնագիրի բոլոր կէտերը եւ չէ կատարած Լաչինի միջանցքի բացման մասին ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումը:

Անոր խօսքին համաձայն, ստեղծուած իրավիճակը ցոյց կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար անվտանգութեան երաշխաւորման ապահովման եւ միջազգային մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Անհրաժեշտ է միջազգային մասնակցութիւն ցեղասպանութեան կանխարգելումին համար, պէտք է նաեւ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լաչինի միջանցքի հատուած եւ Լեռնային Ղարաբաղ։ Յոյսով ենք, որ այս հարցով ռուսական կողմի հետ փոխգործակցութիւն կ’ըլլայ», ըսած է Միրզոյեան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարեւոր համարած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի շրջափակումէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային աղէտի կանխումին համար ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դերը։

Ան նաեւ ուշադրութեան հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճանը միակողմանիօրէն սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման գործընթացը, մինչդեռ հայկական կողմը անով չէ զբաղած համապատասխան միջազգային ձեւաչափի բացակայութեան պատճառով: