Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ 21 Մարտին Եւրոպական յառաջիկայ գագաթաժողովին նուիրուած քննարկումներուն ընթացքին Քրիստոնէական Միութիւն Կուսակցութեան պատգամաւոր Սթինեքէ Բան Թեր Կրաֆի հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին վարչապետ Մարք Ռիւտէն հանդէս եկած է Լաչինի միջանցքի բացման մասին շարք մը յայտարարութիւններով։

Վարչապետ Մարք Ռիւտէն յայտնած է, որ Ատրպէյճան շատ սահմանափակօրէն մեկնաբանած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումը, իսկ Հոլանտայի կառավարութիւնը դատավճիռը այդպէս չէ ընկալած։ Ատոր մասին յստակօրէն տեղեկացուած է Ատրպէյճանի դեսպանը։

Մարք Ռիւտէն վստահեցուցած է, որ հոլանտական կողմը կը շարունակէ երկկողմ եւ Եւրոմիութեան համար գործուն քայլեր ձեռնարկել Լաչինի միջանցքին շուտափոյթ բացման համար։

Պատգամաւոր Սթինեքէ Վան Թեր Կրաֆի այն հարցումին, թէ ի՛նչ քաղաքական հետեւանքներ ունի այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան կազ ներկրած է Ռուսիայէն, որպէսզի կարենայ Եւրոպային կազ մատակարարել՝ ըստ համաձայնութեան, վարչապետ Ռիւտէ պատասխանած է, որ Ատրպէյճան սահմանափակ քանակով կազ ներկրած է Ռուսիայէն, այդուհանդերձ Եւրոպական յանձնաժողովը արդէն իսկ յայտարարած է, որ ռուսական կազի ներկրումի հարցը պիտի քննարկուի ատրպէյճանական իշխանութիւններուն հետ։