Հին պատմագրութեան  մէջ երկրաշարժներու մասին արձանագրութիւններով  իրենց մատնահետքը ձգած են հայ պատմիչներ՝ Մովսէս Խորենացի (ՔԵ 5-րդ դար), Մովսէս Կաղանկատուացի՝ (ՔԵ 7-րդ դար), Յովհաննէս Դրասխանակերտցի՝ (ՔԵ 9-10 դ.), Թովմա Արծրունի (ՔԵ 9-10-րդ դ.), Ստեփանոս Տարօնացի (ՔԵ 10-11-րդ դ.), Մատթէոս Ուռհայեցի (ՔԵ 11-12-րդ դ.) եւ Կիրակոս Գանձակեցի (13-րդ դար):
Միջնադարեան գրիչները  երկրաշարժներու մասին յիշատակութիւններ ձգած են իրենց կտակարաններուն կամ Սաղմոսագիրքերուն վերջաւորութեան։
Հայաստանի երկրաշարժներու մասին հնագոյն վկայութիւնը սակայն կը մնայ յատուկ՝ Ուրարտուի թագաւոր Արգիշտի Առաջինի ձգած սեպագիր արձանագրութեամբ՝ «Երբ Բեխուրա  քաղաքը վերապաշարեցի, Բեխուրա մարզի Բամ լեռը փուլ եկաւ, ծուխն ու մուխը վրայէն մինչեւ արեւ հասան։ Երբ Բամ լեռը փլաւ, ես Բեխուրա քաղաքը գրաւեցի»։ Ուսումնասիրողներ՝ Բամ լեռը կը նոյնացնեն հին Պայազետի մօտակայքը  գտնուող հրաբուխային Թոնտրակ լերան հետ։
Հայկական լեռնաշխարհը երկրագունդի երկրաշարժային գօտիներէն մին է։ Յաճախ կրկնուած են Երզնկայի, Բասէնի, Կարինի, Մշոյ, Արարատեան եւ Շիրակի դաշտերու, Կարսի սարահարթի, Ախալքալաքի բարձրաւանդակի, Սիւնիքի եւ Վանի տարածքներու երկրաշարժները։
Պատմութեան ընթացքին, աւերիչ երկրաշարժներ  բազմաթիւ անգամներ քանդած են Երզնկան, Էրզրումը, Բասէնը. յաճախ աւերուած է Անին։ Երկրաշարժէն կործանած է Դուինը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը։ Երկրաշարժներու ընթացքին Արարատ լերան վրայէն հսկայական  լեռնազանգուած մը  ինկած է Ակոռի գիւղին վրայ եւ հիմնայատակ փլուզած  պատմական գիւղը, որուն սարսափազդու  ցնցումները զգացուած են  փոքր Կովկասի ամբողջ տարածքին։
Մովսէս Խորենացին իր  «Հայոց Պատմութիւն» հատորին մէջ կը յիշէ մեր թուարկութենէն առաջ, այսինքն՝ նախքան Քրիստոս տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժը, որուն հետեւանքով Մեծ լերան (Մասիս) հիւսիսարեւելեան լանջին յառաջացած է հսկայ վիհ մը, որուն շրջակայքը Հայաստանի թագաւոր Տիգրան Առաջին՝  բնակեցուցած է Աժդահակի կինը, ուստրերն ու դուստրերը  եւ բիւրաւոր գերիներ։ Պատմիչը կը վկայէ ըսելով, թէ այս տեղեկութեան հասու  դարձած է՝ Պտղոմէոսի հրամանով այդ վայրերուն մէջ, տեղազննութիւն  եւ չափագրութիւն կատարած  մասնագէտներուն յիշատակումներէն։
Պատմութեան ընթացքին նաեւ հզօր երկրաշարժներ տեղի ունեցած են, Վայոց Ձորի մէջ եւ փոփոխութիւններու ենթարկած  Զանգեզուրի լեռնաշղթան։
Ութներորդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեան 735 թուականի  Վայոց Ձորի 9 բալ երկրաշարժի մը ուժգնութեան մասին կը գրէ. «Տիրոջ պատուհասը յանկարծակի պատահեցաւ երկինքէն եւ ամբողջ գաւառը քառասուն օր շարունակ խաւար պատեց, որուն հետ եղաւ դղրդոց եւ երկրաշարժ, որովհետեւ երկիրը ահեղ կերպով կ’եռար… լեռները կը տապալէին, տուները եւ գեղեցիկ ապարանքները ամէնուրեք կ’երերային եւ մարդկային ձայնի նման, երկրի խորքէն եւ վերէն լսելի կը դառնային՝ «Վայ ձոր,վայ ձոր» խօսքերը… ընկղմեցան տաս հազար կենդանի մարդիկ, որոնց գիտէին եւ թուարկեցին, իսկ անծանօթները ոչ ոք կրնար հաշուել: Այս պատճատով գաւառը կոչուեցաւ՝ Վայոց Ձոր»։
Մշոյ դաշտը, Վանայ լիճի շրջակայքը եւս ենթակուած են երկրաշարժներու։
Եօթերորդ դարու պատմիչ Յովհան Մամիկոնեան կը նկարագրէ 602-603 թուականներուն Տարօնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, որուն հետեւանքով կործանած է Ս.Կարապետ վանքը եւ մերձակայքը գտնուող բնակելի  տուները։
 Նեմրութ լերան  վրայ միշտ դիտուած են հրաբխային ժայթքումներ։ Նեմրութ լերան  ստորոտը գտնուող Սեբաստիոյ գաւառը ենթարկուած է եւ կ’ենթարկուի երկրաշարժներու մինչեւ օրս։
893 թուականին Դուինի մէջ տեղի ունեցած է ինը բալնոց աւերիչ երկրաշարժ մը,  որ աւերակներու վերածած է քաղաքը. այս մասին կը գրէ 9-10-րդ դարերու պատմիչ Թովմա Արծրունին. «…մարդաշատ, պարսպապատ եւ պատնէշներով շրջապատուած առեւտրական վաճառականութեամբ եւ բազմատեսակ պղծութիւններով  յղփացած այդ քաղաքը, դժոխային կերպարանքով բերանը բացած լայնօրէն, դէպի անդունդ կը քաշէր մարդիկը, որոնց տուները իրենց համար գերեզման դարձան»։
1011-1012 թուականներուն երկրաշարժ մը  կը նկարագրէ 13-րդ դարու պատմիչ Մխիթար Այրիաւանեցին. «Երզնկա քաղաքը ամբողջովին թաղուեցաւ, մնաց միայն Կիրակոս ողորմածի տունը։ Շատ եկեղեցիներ եւ բերդեր տապալեցան»։
12-րդ դարու պատմիչ Սամուէլ Անեցի,  կը յիշատակէ իններորդ դարու երկրաշարժի հետեւանքով լեռներու փլուզման մասին եւ Եփրատ գետի ընթացքը փոխուելու մասին։ Կը նկարագրէ նաեւ 1113 թուականի երկրաշարժը, որ շատ քաղաքներու, գիւղերու եւ վանքերու կործանման պատճառ դարձած է։
1139 թուին աղետալի երկրաշարժ մը տեղի կ’ունենայ Գանձակի մէջ՝ կործանելով քաղաքը.այդ մասին մեզի կը պատմէ Կիրակոս Գանձակեցի։
Մինչեւ մեր օրերը բազմաթիւ երկրաշարժներ տեղի ունեցած են հայկական բարձրաւանդակի  եւ Կիլիկիոյ տարածքներուն։
Տակաւին թարմ են սպիներն ու վկայութիւնները 1988-ի Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժին, որուն ականատեսը դարձան մեզմէ շատեր։
 Սոյն թուականի Փետրուար ամսուն, Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն. «Կիլիկիոյ  պատմական  նահանգներ», Անտիոք, Մարաշ, Մալաթիա, Սեբաստիա, Այնթապ, Ուրֆա… եւ իբրեւ հետեւանք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղիտալի, աւերիչ երկրաշարժին  ուժգնութեամբ  երկրաշարժներ նոյն տարածքներուն մէջ յաճախ  յիշատակուած են մեր մատենագիրներուն յիշատակարաններուն մէջ, երբ այդ տարածքները մեծամասնութեամբ հայերուն կը պատկանէին։ Երկրաշարժները ընդհանրապէս կը կրկնուին այնտեղ, ուր նախապէս ուժգին ձեւով  տեղի ունեցած են։ Պատմական տուեալները կարեւոր են, որպէսզի նկատի առնուի անոնց կրկնելիութիւնը։Վերը նշուած պատմիչներէն  իւրաքանչիւրը իր ժամանակաշըրջանին տեղի ունեցած երկրաշարժը նկարագրած է իրեն յատուկ պատմողական լեզուաոճով, դիտողի ակնոցով՝ արձանագրած եւ արժեւորած։
Մատթէոս Ուռհայեցի, որ հայ միջնադարու պատմագրութեան  փայլուն դէմքերէն  մին է, ծնած՝ 11-րդ  դարու երկրորդ կիսուն Ուռհա քաղաք, ուր վախճանած է,1138-44-ի միջեւ, արձանագրած է իր ականատեսի յուշերը.
Ուռհան ( յունարէն Եդեսիա, Էդեսսա, ասորերէն՝ Օրհայ, արաբերէն ՝ Ռուհա) դարձաւ հայոց այբուբենի ստեղծման կեդրոն. նաեւ դարձաւ արաբական արշաւանքներու առաջին զոհերէն մին. չորս դար մնաց արաբական տիրապետութեան տակ, ետքը անցաւ սելճուք թուրքերու  ձեռքը՝ կարճ ժամանակ մը  Բիւզանդիոնի իշխանութեան մէջ  մնալէ ետք։ Հայերը, ինչպէս նաեւ  մատենագիր  Մատթէոս ուռհայեցի համոզուած էին, որ Եդեսիան հիմնադրուած է Տիգրան Թագաւորի կողմէ, առաջին դարուն եւ Եդեսիոյ Աբգար թագաւորը եղած է հայոց արքայ, ըստ Մովսէս Խորենացիի։
Ուռհայեցի  իր ականատես  եղած երկրաշարժի մասին այսպէս կը գրէ.
«Հայոց 563 թուականին՝ 21 Փետր.1114, 20 Փետր. 1115թ., պարսից սուլթանը զօրահաւաք կատարեց եւ մեծաթիւ զօրքով եկաւ Ուռհա քաղաքին վրայ, 30 օր մնաց եւ յամառ պատերազմ մղեց, ապա իջաւ Եփրատ գետը եւ աւերեց բովանդակ գաւառի գետեզերեայ շրջանը»։
«Այդ տարին արարածներուն գլխուն թափեցաւ աստուածասաստ բարկութիւնը, որովհետեւ ինքը՝ տէր Աստուած, իր ամենակալ զօրութեամբ մեծ զայրոյթով նայեցաւ իր արարածներուն վրայ, քանզի անոնք շեղած էին արդարութեան ճանապարհէն…»։ Կը շարունակէ Ուռհայեցի ըսելով՝ «Բոլորը սիրեցին մեղքի անօրէն ճանապարհը եւ ատեցին Աստուծոյ բոլոր պատուիրանքներն ու իրաւունքները։ Ոչ իշխանները, ոչ զինուորները, ոչ աշխարհականները, ոչ հոգեւոր առաջնորդները, քահանաներն ու վանականները աստուածահաճոյ գործ չէին կատարեր: Անոնք դարձեր էին հեշտասէր, կը սիրէին աշխարհիկ կեանքը….։ Աստուած զայրոյթով նայեցաւ արարածներուն վրայ  եւ անոնք Տիրոջ զօրութեան ահէն կործանեցան»։
…………
«Մարերու ամսուն 12-ին, Կիրակի օր Խաչի Գիւտի տօնին տիեզերքի վրայ սարսափելի արհաւիրքներ եղան, որոնց նմանը երբեւիցէ չէք լսած ոչ ալ կարդացեր էք սուրբ գիրքերուն մէջ։ Երբ դեռ խոր քունի մէջ էինք, յանկարծակի ահաւոր ճայթիւն եւ թնդում եղաւ։ Աղաղակ բարձրացուցին բոլոր արարածները։ Սաստիկ դղրդիւն եղաւ,սարսափելի թնդիւնէն սասանեցան երկիրն ու լեռները։ Պատռեցան ապառաժներն ու բլուրները։…Լեռներու արձագանգը մեծաթիւ բանակներու բարձրացուցած աղմուկը կը յիշեցնէր։ Տէր Աստուծոյ զօրութեան ահէն արարածները ծովու պէս կ’ալեկոծէին, կը դողային եւ կ’եռային, քանզի դաշտերն ու լեռները պղինձի նման կը ղօղանջէին…։
Այդ գիշեր աւերակ դարձան բազմաթիւ գաւառներ եւ քաղաքներ. այդ գիշեր կործանեցաւ Սամոսատ քաղաքը,…հիմնայատակ  աւերուեցաւ Մարաշ քաղաքը, սպանուեցաւ շուրջ քառասուն հազար հոգի.այդ մարդաշատ քաղաքէն ոչ մէկը փրկուեցաւ… ինչպէս նաեւ ուրիշ շատ գիւղեր եւ քաղաքներ, ուր զոհուեցան  անհամար տղամարդիկ եւ կիներ, հազարներով եւ բիւրերով երեխաներ…երբ երկրաշարժը դադրեցաւ, սկսաւ ձիւն գալ եւ  ծածկել ողջ երկիրը…:
….Հայոց 564 թ.1115-20 Փետրուարին Ամիդ քաղաքին մէջ ահաւոր եւ զարմանալի հրաշք եղաւ։ Այդ չար եւ պիղծ ժողովուրդին անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով, յանկարծակի գիշեր ժամանակ երկինքէն կրակ թափեցաւ անոնց գլխաւոր մզկիթին վրայ…»։
Դարերու խորքերէն եկող  աղէտներուն  վկայութիւնները, լալահառաչ ձայներն  ու արձանագրութիւններուն շարքը երկար է…
Սուրիոյ տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժներու արձանագրութիւններն ու վկայութիւնները պիտի չուզէի յիշել, խուսափելու համար հայրենակիցներուս  ցաւած սրտերուն  վրդովմունքը անտեղիօրէն բազմապատկելէ։
Իբրեւ վկայ մը Հալէպի  ցնցումներուն՝ 6 Փետրուար 2023-ին Մարաշի աղետալի  երկրաշարժին հետեւանքով, որուն  անուղղակի  կրողները  նաեւ մենք եղանք, բնաւ պիտի չուզէի բացասական արձանագրութիւններ կատարել, իմ  եւ բոլոր հալէպաբնակներուս զգացումներն ու ցաւը անգամ մը եւս նորոգելու համար։
Սարսափելի էր ….կորսնցուցինք  երկու թանկագին հայեր, հազարաւոր սուրիացի անմեղ  քաղաքացիներ, տուներ, հաստատութիւններ աւերուեցան…
Աննկարագրելի էր ապրուած զգացումին դաժանութիւնը. ոչ միայն հողը երերաց, այլ իր ամբողջ ուժգնութեամբ դղրդաց, պոռթկաց, ցատկռտեց մեր երեսն ի վեր…
Քառասուն օրեր անցան այդ ահաւոր օրէն. կ’ըսուի թէ քառասունը շատ մը իրականութիւններու  ամբողջացումն ու լրումն է։ Նոյին Տապանէն դուրս գալուն պէս անցնող փորձութենէն դուրս եկանք. բայց  սա  պահուն, մինչ կը գրեմ, կրկին փոքրիկ ցնցումներով հողը  իր գոյութիւնը  զգացնել կուտայ, հաւանաբար 3,8-4 ռիխթրով ներկայութիւնը կը փաստէ: Զայրոյթը  հաւանաբար չէ անցած  եւ մեր իւրաքանչիւր շնչառութեան հետ տակաւին իր մասին մտածել կու տայ։
Մեծամասնութիւնս 6 Փետրուարին եւ 20-ին երկու հրաշքներու  դերակատարներն ու ականատեսները  եղանք։ Մեզմէ շատ հեռու չեն ո՛չ Մարաշը, ո՛չ  Անտիոքը, ոչ  ալ  Իտլիպը, որոնց բնակիչները վայրկեանի մը մէջ կորսնցուցին իրենց ամէնէն թանկը՝ կեանքը։ Աւերակոյտերու, անբնակ տարածքներու վերածուեցան ցնցուած վայրերը. 7,7 եւ 7,8- 5, 6 ռիխթր ուժգնութիւնը բոլորս  ալ զգացինք  մեր մարմնի  բոլոր բջիջներով։
Երկու մեծ ցնցումները  ապրողը անկարելի էր, որ նոյնը մնար իբրեւ մարդ, ինչ որ էր նախապէս …Հոգիները  ենթարկուեցան վերափոխման։ Յովնանին կէտձուկին փորէն դուրս գալուն պէս  մենք եւս  երկիւղածութեամբ մեր առջեւ դրուած պատասխանատուութեան գիտակից, զգաստացած ճամբայ ելանք կրկին, վաղն ամբողջութեամբ նախախնամութեան յանձնելով…
Հիմա մէկ  նախադասութիւն կը շրջի իւրաքանչիւրիս  ուղեղի ծալքերուն մէջ. մեր ողջ մնալը, ապրիլը  հրաշք մըն էր։ Արդեօք մեր արարիչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ մեզի, կամ ի՞նչ ըսած էր, որ տակաւին չհասկնալ կը ձեւացնենք։
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան