Մեզմէ շատեր երանի կու տան Սուրիոյ երբեմնի քաղցր ու անուշ օրերուն, կը յիշեն առատութեան, խաղաղութեան եւ երջանկութեան տարիները: Սակայն կան մարդիկ, որոնք չեն յիշեր վերոնշեալները, ոչ թէ որովհետեւ յիշողութեան հարց ունին, այլ պարզապէս չեն տեսած այդ փառքի օրերը: Անոնք հազիւ իրենց աչքերը բացած, տեսած են պատերազմ եւ մասամբ նորին, իսկ հիմա այդ պատերազմի սերունդը մեծցած եւ դարձած է հասուն եւ պատասխանատու: Երկրաշարժի յաջորդող օրերուն էր, երբ տեսայ այդ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ակումբէն ներս ապաստանեալներուն ընթրիք կը մատակարարէին:
Մուշեղը, Ճորճն ու Յակոբը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 12-րդ կարգի աշակերտներ են, նաեւ անդամ են Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան: Յակոբ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս երկրաշարժէն անմիջապէս ետք իր ընտանիքը առաջնորդած է ԱՔԵ Ճեմարանի շրջափակ, ուր ուղղուած էր ամբողջ Նոր Գիւղի բնակչութիւնը: Շատ չանցած արդէն հասած են իր ակումբի ընկերները, որոնց հետ միասին քանի մը շաբաթ լծուեցաւ ժողովուրդի ծառայութեան աշխատանքին: Ճորճ աւելցուց, որ թէեւ իրենք այս տարի պաքալորիայի պետական քննութեան կը պատրաստուին եւ դասերով ծանրաբեռնուած են, բայց ժողովուրդին հասնիլն ու օգնելը իրենց համար պարտականութեան կանչ է, որովհետեւ մանկութենէն ականատես եղած են ծառայասէր միութենականներու աշխատանքին, հասակ առած են այդպիսի դաստիարակութեամբ, իսկ հիմա իրենց համար յանձնառութիւն է ժողովուրդին օգտակար դառնալը: Մուշեղ աւելցնելով ըսաւ, որ աւանդութեան պէս բան մը եղած է. երբ ժողովուրդը անապահով կը զգայ, հայեացքը կ’ուղղէ հայ երիտասարդին, իրենք ալ այդ աւանդութեան անսալով եկած են կամաւորաբար աշխատելու:
Աւարտին Յակոբ աւելցուց. «Այո՛, բաւական ծանրաբեռնուած ենք դասերով, բայց հիմա մենք պէտք է ժողովուրդին կողքին մնանք, դասին ժամանակը կրկին կու գայ եւ այդ ժամանակ մեր ամբողջ կեդրոնացումը կ’ըլլայ դասին վրայ եւ հոն ալ մեր պարտականութիւնը լիուլի կը կատարենք»:
Որքան ալ ըսեն, որ նոր սերունդը փոխուած է, որքան ալ զիրենք վատաբանեն, դժուարութեան պահուն ի յայտ կու գայ անոնց իսկական դիմագիծը: Այս երիտասարդները երէկուան այն փոքրիկներն են, որոնք իրենց ծնողքին ձեռքը բռնած կ’անցնէին հայկական թաղամասերը պաշտպանող երիտասարդներուն քովէն, որոնց հայեացքը գամուած կը մնար այդ երիտասարդներուն հաւաքական ծառայութեան վրայ եւ գուցէ կ’երազէին անոնց նմանիլ օր մը: Եւ հաւատացէ՛ք արդէն սկսած են նմանիլ անոնց… Ուսանիլ, զինուիլ գիտութեամբ, յաջող անհատներ դառնալ իրենց կեանքին մէջ, միեւնոյն ատեն ծառայել մեր ժողովուրդին՝ իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնելով նաեւ անոր։ Հաւաքական կեանքն ու ազգային, ընկերային առողջ մթնոլորտը նոյնքան կարեւոր են այս երիտասարդներուն համար, որքան անձնական կեանքն ու յառաջընթացը։
Վեհան Պարսումեան