Հոլանտահայ Կազմակերպութիւններու Դաշնակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը կանչուեցաւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւն (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ), աւելցնելով որ այս առիթով դեսպանին յայտնեցին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 22 Փետրուարի որոշումը կատարելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութեան մասին:

Հոլանտայի խորհրդարանական 13 խմբակցութիւնները գրաւոր հարցեր ուղղեցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հոքսթրային՝ Միջազգային դատարանի որոշումին վերաբերեալ:

Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան, նախարարը համաձայն եղաւ խորհրդարանականներուն հետ, որ Ատրպէյճան չի կատարեր դատարանի որոշումը: Ընդգծելով, որ միջազգային դատարանի որոշումները իրաւականօրէն պարտաւորեցնող են՝ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուց, որ Ամսթըրտամ հրապարակաւ կոչ ուղղած է Պաքուին՝ գործադրելու որոշումը, ըստ որուն, Ատրպէյճան պէտք է իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները օգտագործէ՝ ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ երկու ուղղութիւններով:

Հոքսթրա դիտել տուաւ, որ զանազան առիթներով եւ տարբեր զրոյցներու ընթացքին իր մտահոգութիւնները փոխանցեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, զանազան համաժողովներու ընթացքին եւս՝ Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւններուն միջոցով:

«Ազատութիւն» կը տեղեկացնէ, որ Պաքու հերքած է Ատրպէյճանի դեսպանին Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած ըլլալու լուրը:

«Հայկական մամուլին տարածած այս լուրը հայկական կողմի հերթական սուտը եւ շահարկումն է, որ իրականութեան չի համապատասխաներ», յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: