ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ` ի աջակցութիւն Արցախի և արցախահայութեան:

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական Միութիւնը 21 Մարտին Արցախի 100-օրեայ շրջափակման գծով մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ բողոքի ցոյց կատարած է:

«Այսօր 100 օր է, որ Արցախի 120 հազար հայեր արգելափակուած են Ատրպէյճանի կողմէ: Դադարեցուցէ՛ք Արցախի ցեղային զտումը: Բացէ՛ք Լաչինի միջանցքը», պահանջած են ցուցարարները: