ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն մօր ներկայութիւնը տիրական եղած է: Սկսած հայ դիցաբանութենէն հասնելով մինչեւ հայ եկեղեցի ու հայ ժողովուրդի ազգային, մշակութային կեանք, մայրը իր պատուոյ տեղը գրաւած է արժանանալով յարգանքին թէ՛ որպէս աստուածուհի, թէ որպէս գրող, թէ որպէս Մայր Աստուածածին, թէ որպէս հայրենիքի խորհրդանիշ՝ Մայր Հայաստան եւ թէ որպէս ազատագրական պայքարի ռահվիրա:
Մեր մատենագիրները՝ Ագաթանգեղոս, Խորենացի, Եղիշէ եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Հայրապետները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ նոր ժամանակներու մեր հոգեւոր հայրերը սքանչելի տողերով բնորոշած են հայ մօր դերը։
Թերեւս ամէնէն աւելի ցայտուն ու հարազատ կերպով հայ մշակոյթն է, որ գրականութեան ու գոյներու, ձայնի ու կերպի ճամբով ներկայացուցած է հայ մօր կերպարը, անոր իւրայատուկ տեղն ու դերը մեր ազգի ու հայրենիքի պատմութեան մէջ։
Հայ բանաստեղծները իրենց ամենագեղեցիկ տողերը նուիրած են հայ մօր: Մայրը եղած է ներշնչանքի աղբիւրը շատերուն:
Ստորեւ յիշուած երկու բանաստեղծութիւնները կը ձօնենք սուրիահայ մայրերուն, որոնք Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ սուրիահայ գաղութի ծաղկուն օրերը հայ սերունդներ դաստիարակեցին, հայ ընտանիքը պայծառ պահեցին ու ազգային կեանքին նուիրեալ կամաւորներ դառնալով մեր հաւաքական կեանքը հարստացուցին: Իսկ Սուրիոյ պատերազմի, աղէտալի երկրաշարժի օրերուն յոյսի սերմնացանը եղան իրենց բարեհամբոյր ներկայութեամբ ու ազգային տարբեր ոլորտներու մէջ իրենց անխոնջ աշխատանքով:
***
ԴՈՒՆ ՄԻԱՑԱՐ ՄԵՐ ՀՈՂԻՆ
Մայր իմ՝ արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ,
Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին,
Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ,
Քիչ մ’աւելի անուշցաւ…
Մայր իմ՝ երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս,
Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր,
Եւ հողը սուրբ՝ լուսապսակ պապերուս
Քիչ մ’աւելի սրբացաւ…
Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք,
Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան,
Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ
Քիչ մ’աւելի աճեցաւ…
Մայր իմ՝ աղբիւր անհաս հրաշքին,
Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ,
Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին
Քիչ մ’աւելի մայրացաւ…
Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական,
Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի,
Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման
Քիչ մ’աւելի հայացաւ…
Մուշեղ Իշխան
***
ՄՕՐ ՁԵՌՔԵՐԸ
Այս ձեռքերը՝ մօ՜ր ձեռքերը,
Հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը…
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Պսակուելիս ո՜նց են պարել այս ձեռքերը՝
Ի՜նչ նազանքով,
Երազանքո՜վ:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Լոյսը մինչեւ լոյս չեն մարել այս ձեռքերը,
Առաջնեկն է երբ որ ծնուել,
Նրա արդար կաթով սնուել:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեա՜մբ,
Համբերութեա՜մբ,
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Պարոյր Սեւակ