ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց 16-էն վար տարիքի հաւաքականը, որ ամիս մը առաջ արժանացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան,Կիրակի օր պարգեւատրուեցաւ  Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Դաշնութեան նախագահ Ֆիրաս Մուալլայի կողմէ: Յիշենք, որ հաւաքականին մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբի խաղացող Սոնիա Չամսաքեան:
-Սուրիոյ փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեան Հալէպի Սքէք խումբի խաղացող Յովիկ Միսաքեան Իրաքի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական եւ արեւմտեան Ասիոյ մրցումներուն յաջողեցաւ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Յովիկ կը նկատուի մրցաշարքի ամէնէն կրտսեր խաղացողը, իր մրցակիցները եղան երէց խաղացողներ:
-Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Հինգշաբթի օր հրաւիրեց Սուրիական մամուլի ներկայացուցիչները հաւաքականի նորանշանակ, արժանթինցի մարզիչ Հեքթոր Քոուփէրը ներկայացնելու համար, հրաւիրուեցան նաեւ ուսումնամարզական հաւաքին մաս կազմող խաղացողները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»-Ի ՔԱՌՈՐԴ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒՄԸ 
Հինգշաբթի օր Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի քառորդ եզրափակիչի վիճակաձգումը: Եզրափակիչին տեղի պիտի ունենան ուժեղ հանդիպումներ: Նախկին տարուան ախոյեան Ռէալ Մատրիտը մրցակից պիտի ունենայ Անգլիոյ Չելսին, որ դարձեալ անցեալ տարի նոյն փուլ իր մրցակիցն էր: Գերմանիոյ Պայերն Միունեխի մրցակիցը պիտի դառնայ Մանչեսթըր Սիթին: Սոյն երկու հանդիպումներու յաղթողները պիտի մրցին յաջորդ փուլին: Իտալիոյ Նափոլիի մրցակիցը պիտի դառնայ Միլանը, Իսկ Ինթըր Միլանը պիտի մրցի Փորթուկալի Պենֆիքայի հետ: Վերջին փուլին յաղթողները պիտի մրցին յաջորդ փուլի աւարտին:
ՖԻՖԱ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՃԻԱՆՆԻ ԻՆՖԱՆԹԻՆՕ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ 
Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութեան  «ՖԻՖԱ»-ի 73-րդ ընդհանուր նիստը, որուն  ընթացքին դաշնութեան նախագահ զուիցերիացի Ճիաննի Ինֆանթինօ վերընտրուելով մնաց նախագահի պաշտօնին վրայ: Ընտրութեան 52 տարեկան Ինֆանթինօն եղաւ միակ թեկնածուն: Ան  իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2027: Աւելցնենք, որ այս երրորդ անգամն է, որ Ճիաննին կ’ընտրուի դաշնութեան նախագահ: Ան  առաջին անգամ ընտրուեցաւ 2016-ին, իսկ երկրորդ ընտրութիւնը եղաւ 2019-ին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան