Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանացն եւ մտանելոյն ի վիրապն տօնը կը յիշատակուի Մեծ Պահքի վեցերորդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը:

Արդարեւ, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապն տօնին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Թեմի եկեղեցիներու թաղականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան:
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, դպրաց դասը Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի, շարականներուն ընդմէջէն հաւատացեալները հաղորդակից դարձնելով օրուան խորհուրդին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, բնաբան ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի 16-րդ գլխուն մէջ յիշուած Քրիստոսի հետեւեալ կարեւոր արտայայտութիւնը. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն: Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.24-26): Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այս արտայայտութեամբ Քրիստոս Իրեն հետեւող հաւատացեալին կը յիշեցնէ երեք պայմաններ՝ իր անձը ուրանալ, իր խաչը առնել եւ Քրիստոսի ետեւէն երթալ:

Առաջին պայմանին մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ անձը ուրանալ կը նշանակէ յօժարակամ հրաժարիլ անձնասիրութենէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ եւ ամբողջական կերպով յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին, բացուիլ աստուածային Ճշմարիտ խօսքին եւ հնազանդիլ Անոր պատուիրաններուն: «Այս կեցուածքը անձնակեդրոնութիւնը Աստուածակեդրոնութեան կը փոխակերպէ», աւելցուց Սրբազան Հայրը:

Երկրորդ պայմանը մատնանշելով, Մակար Սրբազան յայտնեց, թէ խաչը առնել կը նշանակէ Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալու սիրոյն յօժարակամ տառապիլ եւ զոհողութիւն յանձն առնել: Խաչը կամաւոր ենթակայութեան եւ խոնարհութեան նշանն է: Ուստի Քրիստոսով խաչը առնել եւ Իրեն հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսի հետ նոյնանալ եւ Իր օրինակով անվերապահ սէր ցուցաբերել, անձնդիր զոհողութիւն կրել եւ անշահախնդիր ծառայութիւն մատուցել ուրիշին բարիքին համար:
Սրբազան Հայրը շարունակելով հաստատեց, թէ ան որ Քրիստոսի եւ աստուածային ճշմարտութեան սիրոյն իր կեանքը կը կորսնցնէ, այլ խօսքով, կը մերժէ եւ արմատէն կը պոկէ իր մէջ բոյն դրած ցանկութիւններն ու կիրքերը՝ կը գտնէ ու կը շահի զայն, այնպէս ինչպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր խաչը առաւ, սարսափելի չարչարանքներ կրեց եւ այդպիսով հայ ժողովուրդին կեանքը լուսաւորեց:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, աղքատախնամ կազմը, դպրապետը, դպրաց դասը, հոգեւոր լսարանի յանձնախումբը, քարոզչական յանձնախումբն ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած ժողովուրդը, հայցելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութիւնը սուրիահայութեան եւ ողջ հայութեան բարօրութեան համար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը օրհնեց եւ բացումը կատարեց Տիկնաց յանձնախումբին բարեսիրական նպատակով կազմակերպած ճաշի վաճառքին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:
Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը յիշատակեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր տարեդարձը: Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Մանուկ Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով առողջութեամբ ու արեւշատութեամբ լեցուն երկար տարիներու ծառայութիւն մաղթեց անոր:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, հրաւիրելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրինակին հետեւելով, նուիրուածութեամբ եւ սիրով շարունակեն ծաղկեցնել եկեղեցին: