Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը կրկին առաջարկած է «Ղարաբաղի հայ համայնքի» ներկայացուցիչներուն հետ երկրորդ հանդիպում մը իրականացնել Պաքու. այս մասին ըսուած է Իլհամ Ալիեւի վարչակազմի` այսօրուան՝ 27 Մարտին, տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը մարտի 1-ին Խոջալու (Իւանեան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին և Մարտի 13-ի հրաւէրին շարունակութեամբ Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մեկ անգամ եւս կը հրաւիրէ հանդիպում ունենալու Պաքու Ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին` քննարկելու վերահամարկումի հարցերը, ինչպէս նաև Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցային նախագիծերու իրականացումը», կը յիշուի յայտարարութեան մէջ։

Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան շարունակուիլ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ և տեղի ունենալ այնտեղ, ուր տեղի ունեցած է նախորդ հանդիպումը՝ 1 Մարտին, Արցախի Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղը տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու շտապէն ներս. այս մասին 13 Մարտին նշուած էր Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։