«Դրօշակի» հերթական թիւը այսօրուընէ համացանցի իր էջին վրայ է։ Պաշտօնաթերթի մարտեան թիւը ուշագրաւ է հրապարակուած նիւթերու բազմազանութեամբ, որոնց շարքին գերիշխողը, բնականաբար, Հայաստան-Արցախն է՝ իր ներկայիս հիմնահարցերով ու տագնապներով։ Նոր թիւի առաջնորդողը այս անգամ կ’անդրադառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ներհայաստանեան գործունէութեան, իշխողներու խօսքի ու գործի անհամապատասխանութեան։

Քաղաքագէտներ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան եւ Սարգիս Սարգսեան կ’անդրադառնան Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերլուծութիւնները բխեցնելով մասնակից եւ շահագրգիռ արտաքին ուժերու դիրքորոշումներէն։

Արցախէն լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեան «Դրօշակի» ընթերցողներուն կը ներկայացնէ երեք ամիսէն աւելի ձգուող շրջափակումի պայմաններու տակ Արցախի գոյատեւումը, արցախցիներու կեանքն ու կենցաղը։

Պատմաբան, քաղաքագէտ Վահէ Սարգսեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ վերջերս Վրաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած ալեկոծումը, անոր դրդապատճառները, արտաքին ու ներքին ազդակները։ Կը կարծենք ընթեցողը կարդալով այս նիւթը, ամբողջական ու բաւարար պատկերացում պիտի կազմէ տեղի ունեցածի մասին, ինչպէս նաեւ պիտի հասկնայ, թէ անոնք եւ անոնց կարելի զարգացումները ինչ անմիջական ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի համար։

Արեւելագէտներ Լիանա Պետրոսեանն ու Տիգրան Չանտոյեան կը ներկայացնեն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքները, ինչպէս եւ բնական այս աղէտի կարելի ազդեցութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական ապագայ զարգացումներուն վրայ։

Մարտ ամիսը հայ ժողովուրդին համար կը դառնայ յիշատակելի՝ խորհրդանշական իմաստ ձեռք բերող այնպիսի իրադարձութեան հետ առնչուած ինչպիսին է 15 Մարտ 1921_ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան լաւագոյն մարտիկ վրիժառուներէն մէկուն՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռքով Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկուն՝ Թալէաթ Փաշայի ոչնչացման գործողութիւնը։ Հայոց մեծ հատուցման «Նեմեսիս» ծրագիրին կ’անդրադառնան բանասէր Մարիամ Յովսեփեանն ու պատմաբան Անի Մելքոնեան։

Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեան հետաքրքրական վերլուծութիւն կը ներկայացնէ նախկին քանատահայ ներկայիս Հայաստանցի Մարգար Շարապխանեանի «Դարձ Դէպի Հայրենիք» յուշագրական բնոյթի գիրքի մասին։ Էջ առ էջ անցնելով Մարգար Շարապխանեանի տպաւորութիւններու ու ընդհանրացումներու ճանապարհէն յօդուածի հեղինակը կը բանայ անոնք, կը բաժնեկցի ու գիրքի հեղինակին հետ կարծես կը շարունակէ խորհրդածել հայոց հայրենիքին, անոր ժողովուրդի առօրեային, վարքի ու մտածումներու ոլորապտոյտ կեռմաններով։

Ընթերցողին հետ «Դրօշակի» բարեկամ Վրէժ-Արմէնի «Ընկերական Զրոյցի» հերթական նիւթը կուսակցութիւն երեւոյթն է, անոր իմաստն ու առաքելութիւնը։ Իր այս զրոյցը սփիւռքահայ գրողը, խմբագիրն ու հրապարակախօսը աւարտած է հետեւեալ արձանագրումով․

«Հայ ազգային կուսակցութիւնները իրենց գործելակերպի ու գաղափարականի տարբերութիւններով հանդերձ՝ նոյն ազգին գերագոյն նպատակին՝ գոյապահպանման ու զարգացման կը ծառայեն։ Անոնք
մնայուն գործակիցներ են, ըլլալու են, պիտի ըլլան միշտ։ Այլապէս ոչ հայ կրնան համարուիլ, ոչ ալ՝ ազգային»։