ՀՅԴ Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբի հրաւէրով եւ Մարդու Իրաւունքներու համաշխարհային երրորդ ֆորումի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային Ժսղովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան 19_25 Մարտին եղած են Պոյնըս Այրեսի մէջ։

«Մարդու Իրաւունքներու Համաշխարհային Ֆորում» անունը կրող նախաձեռնութիւններէն առաջինը տեղի ունեցած է 2013_ին Պրազիլի մէջ՝ 74 երկիրներու եւ շուրջ 700 կազմակերպութիւններու մէջ մօտաըոր 5000 պատուիրակներու մասնակցութեամբ։ Երկրորդ ֆորումը տեղի ունեցած է յաջորդ տարի Մարոքքոյի մէջ՝ Մարաքեշի մէջ, ուր մասնակիցներ ժամանած են աշխարհի 95 երկիրէ եւ շուրջ 750 կազմակերպութենէն։

Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը 28 Մայիս 2022_ին գործակցութեան յուշագիր ստորագրած է CIPDH-UNESCO (Մարդու Իրաւունքներու Խթանման Միջազգային Կեդրոն) կազմակերպութեան հետ, որուն գործունէութիւնը հիմնուած է Արժանթինի եւ UNESCO-ի միջեւ կնքուած համապատասխան պայմանագիրի վրայ։ Հայ Դատի յանձնախումբի եւ CIPDH-UNESCO-ի միջեւ կնքուած յուշագիրի հիման վրայ կարելի եղած է ապահովել Գեղամ Ստեփանեանի եւ Արթուր Խաչատրեանի մասնակցութիւնը ֆորումին։

Ֆորումին քննարկուող նիւթերու մէջ կան այնպիսիները, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մեզի համար առանձնակի կարեւորութիւն ունին։ Յատկապէս՝

· ինքնութեան իրաւունք,

· խաղաղութեան եւ բռնութեան չենթարկուելու իրաւունք,

· միջազգային հանրութեան համար կարեւորագոյն ծանր յանցագործութիւններ,

· խոշտանգումներ եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունք կամ պատիժ, նաեւ անվտանգութեան ուժեր ու մարդու իրաւունքներ,

· խտրականութիւն, այլատեացութիւն եւ ռասիզմ,

· մշակութային քաղաքականութիւն եւ մարդու իրաւունքներ:

Ֆորումին կազմակերպուած «Խաղաղութեան Գործընթացներ Աշխարհի եւ Լատինական Ամերիկայի Մէջ» փանելային քննարկումի ժամանակ պարոն Արթուր Խաչատրեան մանրամասն ներկայացուցած է Արցախեան հակամարտութեան ծագման պատմութիւնը, ընթացքը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները։ Պատգամաւորը յատկապէս շեշտած է ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ հակամարտութեան կարգաւորումը: «Հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ չերաշխաւորեր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար տարածաշրջանի մէջ երկարատեւ եւ արդար խաղաղութիւն հաստատել։ Խաղաղութիւնը առանց արդարութեան լոկ հրադադար է՝ իր բոլոր կարելի բացասական հետեւանքներով՝ ցեղային զտումէն ու ցեղասպանութենէն մինչեւ նոր պատերազմ։ Ուստի միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անոնք վերադառնան Արցախի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններուն», նշած է ան։ Խաչատրեան նաեւ ներկայացուցած է Արցախի մէջ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած զինուորական յարձակումի մասին տեղեկութիւններ։

Ֆորումին կազմակերպուած «Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներն ու Ցեղասպանութեան Սպառնալիքները» խորագիրով քննարկումի ընթացքին Գեղամ Ստեփանեան ներկայացուցած է 2020_ի Աշնան Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած պատերազմին եւ անոնցմէ յետոյ իրականացուած զինուորական յանցագործութիւնները, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները։ Պաշտպանը մանրամասն փաստեր ներկայացուցած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէն համակարգային եւ հետեւողական կերպով իրականացուող ցեղային ատելութեան յանցաւոր քաղաքականութեան մասին, որուն անհերքելի վերջնանպատակը Արցախի ժողովուրդին ցեղային զտումն ու ցեղասպանութիւնն է։

«Մարդու Իրաւունքներու Համաշխարհային Ֆորումի» օրերուն Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի եւ ԱՀ ՄԻՊ-ի՝ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ուղեկցութեամբ այլ հանդիպումներու եւ անոնց բովանդակութեան մասին պիտի տրամադրենք լրացուցիչ հաղորդագրութիւն:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
27.03.2023թ.