Շատ կը լսենք այս մասին, ու եթէ գիտենք անոր ի՛նչ ըլլալը, յաճախ կը դժուարանանք այդ եզրը բացատրելու, կիրարկելու կամ մեր առօրեային մէջ ապրելու:
Ինքնութիւնը լեզուն է, կ’ըսենք անմիջապէս ու յետոյ կը մտածենք՝ բայց բոլոր այն երիտասարդները, որոնք իրենց առօրեան օտար լեզուով մը կ’ապրին, որոնք պայմաններու բերումով կամ պարզապէս ծուլանալով սորված չեն մայրենին, այդ երիտասարդները պէտք է զո՞ւրկ համարել հայու ինքնութենէն, այդ երիտասարդները, որոնք յաճախ այնքան մեծ աշխատանք կը տանին ազգային  կեանքէն ներս:
Եթէ ոչ լեզուն, ուրեմն՝ ի՞նչ:
Այս հարցումը երկար շրջան մը կը մտահոգէր զիս, երբ համագումարի մը ընթացքին հանդիպեցայ ԱՄՆ-էն հրաւիրուած դոկտոր-փրոֆէսորի մը, եւ առիթը յարմար տեսնելով, սուրճի գաւաթի մը շուրջ զիս մտահոգող այս հարցը տուի իրեն:
Լռեց. կարծես բնաւ չէր մտածած այդ մասին: Շատ երկար լռեց: Եւ յետոյ ինչ որ ըսաւ, անկեղծօրէն զիս բաւական զօրաւոր կերպով ցնցեց.
«Գիտէ՞ք, պէտք է իտէալական անձեր ունենանք, role models, որոնց նայի մեր երիտասարդութիւնը, ինչպէս օրինակ Քիմ Քարտաշեանը …»:
Թերեւս պէտք է մենք՝ Միջին Արեւելք ծնած-մեծցած եւ այս շրջաններէն դէպի արեւմուտք գաղթած հայերս, մանաւանդ մեզմէ երիտասարդները, մե՛նք պէտք է մտածենք այս հարցումին մասին, պատասխաններ գտնենք եւ իրենց ներկայացնենք: Թերեւս այդ պարագային, երբ մէկը նման հարցում տայ, միայն Քիմ Քարտաշեան չէ որ կը յիշուի:
Շրջան մը ետք երիտասարդ մը՝ Արա Գ. Երամեան, այս հարցումով հարցախոյզ մը ըրած էր դիմատետրի իր էջերուն:
Հարցումը հետեւեալն էր.
«Ենթադրենք թէ բարեկամ մը ունինք Թոմաս անունով, որ ոչ ծնած է եւ ոչ ալ մեծցած Հայաստանի մէջ, այլ ամբողջովին այլ երկրի մը մէջ:
Թոմաս հետեւեալ պայմաններէն քանի՞ն պէտք է ամբողջացնէ, որ, ըստ ձեզի, հայ համարուի.
Թոմասին երկու ծնողներն ալ հայ են:
Ծնողներէն գոնէ մէկը հայ է:
Հայերէն կը խօսի:
Իր մականունը եան-ով կամ յան-ով կը վերջանայ:
Հայկական քաղաքացիութիւն եւ անցագիր ունի:
Բոլոր վերի պայմանները:
Մեր հարցումին պատճառը այն է, որ կ’ուզենք հայ ըլլալու «չափելի պայմանները» գիտնալ, որպէսզի տուեալ անձը Սփիւռքի մարդահամարին մէջ կարելի ըլլայ նկատի առնել»:
Յստակ դրուած հարցումին դիմաց յաճախ շեղումներ եղած էին, մարդիկ յաճախ զգացական զեղումներով պատասխաններ էին, եւ, ինչպէս միշտ եւ ամէն նիւթի մէջ, հայերս չէինք կրցած յստակ պայմաններու, գոնէ երկու պայմանի շուրջ բոլորս համաձայն ըլլալ:
Հարցախոյզին մասնակցող 71 անձերէն 4-ը ըսեր էին՝ «Հայ կը համարուի ան, որ հայու պէս կը զգայ»:
Այս վերջինը ինծի տխուր դէպք մը յիշեցուց.
Երկրորդականի երկրորդ կարգի աշակերտներէն մէկը, որ դժուարութիւն ունէր հայերէնի բոլոր նիւթերուն մէջ, սկսելով խօսելէն, մինչեւ սահուն կարդալ (ալ չե՛մ խօսիր սահուն արտայայտուելու մասին), օր մը, երբ կը խօսէի հայ ըլլալու հպարտութեան մասին եւ կը թուէի համոզիչ պատճառներ, ամբողջ համոզումով ըսաւ.
– Օրիո՛րդ, շա՜տ կ’ուզեմ հայու պէս զգալ, բայց … չեմ զգար …
Իր մասին գաղափար չունէի. ենթադրեցի, որ մայրը օտար է, որ չէ կրցած իրեն փոխանցել «հայու ապրումը»: Բայց տեսայ որ իր երկու ծնողներն ալ հայ են:
Ո՞վ է այստեղ յանցաւորը, որ այդ պատանին «հայու պէս չի զգար», թէեւ «շա՜տ կ’ուզէ»:
Քանի մը օր առաջ աշխատանքիս ընթացքին հիւրընկալեցի ԱՄՆ-էն եկած միջին տարիքի զոյգ մը. զրոյցի ընթացքին տիկինը խօսելով իր աշխատանքին մասին ըսաւ.
«Մեր գլխաւոր նպատակը հայապահպանումն է»:
– Ինչպէ՞ս կ’ընէք ատիկա,- հարցուցի:
Ինք եւս պահ մը մտածեց – բայց ոչ փրոֆէսորին չափ երկար պահ մը – յետոյ ըսաւ.
– Մեզի համար կարեւոր է որ պատանին շատ շփում ունենայ այլ հայերու հետ եւ զօրաւոր կերպով կապուի Հայաստանի:
Իրիկունը ես է որ շատ երկար մտածեցի. Արեւմուտքի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները իրապէ՞ս չեն գիտեր մայրենի լեզուին դերը, չե՞ն գիտեր թէ լեզուն որքա՜ն աւանդութիւն եւ բարք կը կրէ իր մէջ:
«Յանցաւորը իրենք չեն, այլ միջավայրը, ժամանակը, կեանքը ի՛նք …» կ’ըսէր այլ բարեկամ մը:
Իսկ Րաֆֆի Չիլինկիրեան գրեր էր.
«Եթէ Սփիւռքին արեւմտահայ ուսուցիչ, դպիր, մտաւորական, միութենական գործիչ, տնօրէն, քաղաքական գործիչ, վարդապետ, հովիւ, ղեկավար տարր պէտք է հասցնել, ապա՝ պէտք է ամէն գնով պահել հայութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ»։
Բայց եկէք պահ մը մտածենք՝ ինչո՞վ պիտի պահենք. գոնէ վերջին 25 տարիներուն (կրնամ ըսել՝ վերջին կէս դարուն՝ Պէյրութի պատերազմէն ի վեր) դէպքերը բնաւ դիւրին չեղան Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար, ուր կը գտնուի մեր հայկական տարրական դպրոցներուն մեծամասնութիւնը, եւ որ ընդհանրապէս իր նիւթական ապահովութիւնը կը ստանայ … Արեւմուտքէն, անկեղծ ըլլալու համար՝ ԱՄՆ-էն: Եթէ այս վերջինը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր դադրած է հաւատք ընծայելէ հայերէնին, հետեւաբար անկարեւոր կը գտնէ հայ դպրոցը եւ անոր համար այդքա՜ն դրամ «թափելը», ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դպրոցներուն ճակատագիրը…
Չիլինկիրեան կը շարունակէ՝ «Եւրոպան եւ Ամերիկան տակաւին հեռու են նոյն որակի ատակ տարրեր պատրաստելէ»։
Հեռու են, որովհետեւ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը մեր լեզուին հանդէպ, որ հոս, Սփիւռքի մէջ մեր ամէնէն հաստատուն հողն էր:
Այսօր չէ՛:
Տխրութեամբ այս բոլորը կը գրեմ, միաժամանակ կը զգամ գոհունակութիւնը աղուոր զրոյց մը վարած ըլլալու, լռութեամբ, աւելի ճիշդը՝ գիրով ընթացող զրոյց մը՝ ԶՐՈՒՑԱԳՐՈՒԹԻՒՆ մը վարելու հեռու-հեռաւոր, բայց նոյն մտահոգութիւններէն տառապող բարեկամներու հետ: Այսօր, երբ նոյն ալիքին վրայ շնչող զրուցակիցներ գտնելը ոչ միայն դժուար, գրեթէ անկարելի է, նման զրուցագրութիւն, հակառակ իր ծանր նիւթին, զիս յոյսով կը լեցնէ:
Զիս յոյսով կը լեցնէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութիւնը, մանաւա՛նդ հալէպահայութիւնը, որ հակառակ իր կրած բազմապիսի տառապանքներուն, կը շարունակէ հայօրէն ապրիլ, հայերէնով ապրիլ, պարզապէս որովհետեւ կը շարունակէ հաւատալ, թէ ա՛յդ է մեզի համար ապրելու լաւագոյն կերպը, թերեւս՝ միակը:
Մարուշ Երամեան