ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ դժբախտաբար Ատրպէյճանը ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ չ’ենթարկուիր որեւէ կանոններու, քանի որ իրեն կը թուի, թէ ով ինչ կրնայ եւ որու ուժը կը պատէ կրնայ ընել եւ բոլոր ձեւաչափերն ու չափանիշները այլեւս մէ կողմ դրուած է։

«Պատերազմը այդ տրամաբանութեամբ ալ Ատրպէյճան ատիկա սանձազերծեց եւ իրականացեւց, բայց ի հարկէ չարաչար կը սխալի, որովհետև ի վերջոյ միջազգային կարծիքը ուղղորդելը կամաց-կամաց իր արդիւնքը պիտի տայ, որովհետեւ ուզէ թէ չուզէ Ատրպէյճանը որոշակի երկիրներու հետ որոշ շահեր ունի եւ այստեղ ոչ այնքան այդ յայտարարութիւններն են, որքան այդ երկիրներու իրական գործողութիւնները։ Բոլոր այն երկիրները, որոնք յայտարարութիւն կ’ընեն պէտք է նաեւ իրենց կարելիութիւնները ամբողջութեամբ կեանքի կոչեն այդ յայտարարութենէն բխած քայլեր», ըսաւ ան։

Պատգամաւորը յայտնեց, որ նոյն Ֆրանսան ըլլալով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ, կրնայ հարցը տեղափոխել անվտանգութեան խորհուրդ եւ պահանջել համապատասպան գործիքակազմ կիրառել այդ որոշումը միջազգային դատարանի իրականացնելու ուղղութեամբ՝ հարկադրել որպէսզի Ատրպէյճանը կատարէ այդ որոշումները․

Դաշնակացական գործիչը յսյտնեց, որ ֆրանսացի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան, որ պէտք է գայ Պաքու եւ Երևան, անոր առջեւ պէտք է այս հարցերը դնել եւ տեսնել, թէ որոնք պիտի ըլլան որոշակի քայլերը՝ Ատրպէյճանին ստիպելու համար կատարելու միջազգային դատարանի որոշումը։

Պատգամաւորը ըսաւ, որ Փեմեզեք շատ աւելի ճիշդ շահերու մասին կը խօսի, մնայուն շահերու մասին կը խօսի, ոչ թէ անցողիկ, քարիւղ ու կազի, ատիկա մէկ օր կաւարտի, կը սպառի, բայց դուն մէն օր պիտի կորսնցնես շատ աւելի մեծ բան, քու արժէհամակարգը, որուն վրայ կառուցուած է քո պետութիւնը, քու հասարակութիւնը, ամէն ինչ․

«Եթէ շահերու համեմատութիւն կ’ընենք, այս շահը պէտք է գերակշռէ, մնայուն շահը պէտք է գերակշռէ, յարատեւ շահը պէտք է գերակշռէ։ Այս առումով գործընթացները այդ ուղղութեամբ է պէտք զարգացնել։ Դժբախտաբար աշխարհը փոխուած է այնպէս, որ հիմա աւելի շատ ոչ թէ չափանիշներու կամ ձեւաչափերու վրայ կը կառուցուի հաւասարակշռութիւնը, այլ՝ ուժերու, ուժերի հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, անիկա պէտք է վերականգնել։ Կարելի չէ այսօր մտածել, որ կ’ունենաս խաղաղութիւն, եթէ համապատասխան ուժի կուտակում չես իրականացուցած՝ ըլլայ արտաքին, թէ՝ ներքին։ Այդ ուժերու հաւասարակշռութեան պայմաններէն է, որ խաղաղութինը դառնայ երկկողմանի ընդունելի եւ շահերու պաշտպանութեամբ հաւասարակշռուած։ Ասիկա պէտք է հասկնալ։ Իսկ եթէ չունիս այդ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, ենթակայ ես միայն ճնշումներու, ատիկա խաղաղութիւն չէ, ստրկութիւն է։ Այս վիճակն է, որ կ’ահազանգեն մեր ընկերները։ Հեռուէ հեռու աւելի լաւ կը տեսնեն, քան դժբախտաբար մեր շատ գործիչներ, որոնք կ’ապրին գետնի վրայ։ Այս ամէն ինչը կրնան աւելի խորքային ընկալել», ըսաւ ան։

«Արցախի մէջ հայերու պաշտպանուածութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը: Ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան յստակ քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ Ատրպէյճան: Սա այն արժէքն է, որ չի կրնար անտարբեր ձգել որեւէ երկիր, որ ինքզինք քաղաքակիրթ կը նկատէ, եւ այս գործընթացը պէտք է ամէն տեղ շարունակուի», ըսաւ ան:
Պատգամաւորը նշեց, որ ամէն ինչ անշուշտ մեզմէ կախեալ է, մենք պէտք է պայքար ցոյց տանք, պայքարող ազգ դառնանք, որպէսզի մեզի պաշտպանեն․

«Կը պաշտպանեն իր իրաւունքերուն համար պայքարող ազգին, անհատին, այլ ոչ թէ թուլացած, յանձնուող ոչ անհատին կը պաշտպանեն, ոչ ազգին, ոչ ալ՝ ժողովուրդին։ Անոնք պէտք է տեսնեն, որ այստեղ մարտունակութեան ոգի կայ, իրենց արժէհամակարգը կրող, իրենց իրաւունքներուն համար պայքարող ժողովուրդ կայ, թէկուզ փոքր են, բայց այդ համակարգը պահպանող ժողովուրդ են։ Իրենց պարտքը կը համարեն պաշտպանել իրենց նմաններուն։ Ատիկա նաեւ իրենց անվտանգութեան հարցը կը լուծէ, եթէ իրենք այստեղ տանուլ տան, այդ ոչ քաղաքակիրթ, բռնի ուժով իրենց հարցերը լուծող պետութիւնները պիտի շարժին դեպի Եւրոպա, պիտի հասնին մինչեւ իրենց տուն։ Մենք ենք, որ չենք տեսներ, որ այդ սահմանը պիտի գայ հասնի Երեւան, եթէ զիջելով երթանք, վերջը Երեւանի մէջ մեր տունը պիտի մտնեն», ըսաւ ան։