Սուրիոյ օդերեւութաբանութեան վարչութիւնը տեղեկացուց, որ փոթորիկը աստիճանաբար կը մեղմանայ այս գիշեր եւ կ՛աւարտի առաւօտեան ժամերուն, սակայն յառաջիկայ երկու օրերուն հիւսիսարեւմտեան քամիներու աշխուժութիւնը կը պահպանուի մօտաւորապէս 50 քմ./ժ արագութեամբ, որուն հետեւանքով փոշի կը տարածուի։