Օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, յետ երկրաշարժին, անցնող շաբթուան ընթացքին, Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս Բերիոյ Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը, Հալէպի գործարար տիկիններու գրասենեակին հետ գործակցաբար, շուրջ 90 երեխաներու օժանդակութիւն բաժնեց, իւրաքանչիւր երեխայի տրամադրելով մէկ տուփ կաթ եւ տոպրակ մը տակաշոր։

Շնորհակալութիւն Հալէպի գործարար տիկիններու գրասենեակին՝ մարդասիրական այս օժանդակութեան համար։