Քառասնորդաց պահեցողութեան ընթացքին ամէն Չորեքշաբթի օրերը,Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութենէն ետք Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը դասախօսական ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ մշակութեային, կրօնական եւ հոգեբանական զանազան նիւթերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, 29 Մարտ 2023-ին տեղի ունեցաւ վերջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, նախագահութեամբ Ճեզիրէի ԱռաջնորդականՓոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, դպրաց դասին, երկրորդական վարժարանի աշակերտութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ժամերգութենէն ետք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը նախաճաշի ձեռնարկ կազմակերպած էր, որուն ընթացքին Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղը կոկիկ յայտագիրով մը ներկայացուց հայ կնոջ դերը պատմութեան ընթացքին։ Նիւթը ներկայացուց Մայտա Ղազարեան-Յարութիւնեան, ապա ասմուքով եւ մեներգով ելոյթ ունեցան Ազգ. Միացեալ երկրորդական բաժինի աշակերտուհիներ՝ Բարտի Շիրիքճեան եւ Ռիթա Յովհաննէսեան։

Վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պոզոյեան-Կարապետեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեշնորհ հայր սուրբին, թաղականութեան եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու տեսուչներուն՝ իրենց համագործակցութեան եւ դասախօսական շարքը յաջող աւարտին հասցնելու։

Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան իր խօսքին մէջ գնահատեց եկեղեցասիրաց տիկնանց կազմի ժրաջան աշխատանքը, յայտնելով, որ եկեղեցին բոլորիս տունն է, ուր բոլորս կը համախմբուինք զԱստուած փառափանելու եւ Անոր փառքը հիւսելու։ Ան վեր առնելով Համազգայինի տարած աշխատանքը, անհրաժեշտ նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը գաղութիս մէջ։

Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը բարեբեր տարի մաղթեց բոլորին՝ անփորձանք եւ խանդավառօրէն դիմաւորելու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն