18 Մարտին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սողոմոն Թեհլիրեան. Հայոց Արդարհատոյցը» խորագիրով դասախօսութիւններու շարք:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ թէեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը բաւականաչափ ճանաչելի են, այնուամենայնիւ, կան տակաւին չուսումնասիրուած եւ չլուսաբանուած կողմեր:

Օրուան առաջին բանախօսը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտերու բաժինի վարիչ, գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանն էր: Ան ներկայացուց ««Յատուկ Գործ». արդարադատութեան իրականացում» խորագրով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարեց 1919 թուականի աշնան Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կայացուած խիստ գաղտնի որոշումին, որով կը նախատեսուէր մահապատիժի ենթարկել Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները եւ իրականացնողները. այդ գործողութիւնը կոչուեցաւ «Յատուկ գործ», որ աւելի յայտնի է «Նեմեսիս» ծածկանունով: Այն վստահուեցաւ ՀՅԴ Յատուկ կամ Պատասխանատու մարմինին: Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու նկատմամբ պատժիչ գործողութիւններու մանրազնին նախապատրաստութիւնն ու անմիջական վերահսկողութիւնը յանձնարարուեցաւ ՀՅԴ գործիչներ Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) եւ Շահան Նաթալիի (Յակոբ Տէր Յակոբեան): Անոնք ալ Յատուկ մարմինի կազմին մէջ ներգրաւեցին մարտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած երիտասարդներ` Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան եւ այլք: Բանախօսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ Թալէաթի յայտնաբերումն ու գնդակահարումը Պերլինի մէջ, ապա անոր յաջորդած` Ս. Թեհլիրեանի դատավարութիւնը:

Օրուան երկրորդ բանախօսը Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շոա հիմնադրամի` (USC Shoah Foundation) Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւնները ցուցակագրող Օսիկ Մոզեսն էր: Ան ներկայացուց «Սողոմոն Թեհլիրեանի Դատավարութիւնը. Ծանօթագրութիւններ Գերմանական Արխիւէն» խորագիրով դասախօսութիւն: Բանախօսը ներկայացուց Թեհլիրեանի դատավարութեան վերաբերող գերմանական արխիւներէն փաստաթուղթեր եւ նշեց, որ իր ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք` յանգած է այն եզրակացութեան, որ գերմանական դատարանը արագացուցած է դատավարութիւնը ( տեւած է երկուքուկէս օր` 2_3 Յունիսին) եւ ստեղծած է ամէն կարելիութիւն ազատելու այդ «անհանգիստ օտար երկրացիէն»` («lästigen Ausländer»)` Սողոմոն Թեհլիրեանէն, որովհետեւ բոլորը նորէն սկսած էին խօսիլ հայերու բռնագաղթին եւ կոտորածներուն մասին, որուն մէջ իր մեղքի բաժինը ունէր նաեւ Գերմանիան:

Օրուան վերջին բանախօսը «Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու տնօրէն, Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ. Թալէաթի ահաբեկումը» յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութեան հեղինակ Պետօ Տեմիրճեանն էր: Ան ներկայացուց «Վերյիշումներ. Թալէաթի Ահաբեկումը» յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութեան մասին» վերնագիրով դասախօսութիւնը: Ներկաներուն տեսաուղերձով ողջունեց նաեւ յուշագրութեան յառաջաբանի հեղինակ, «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեանը, որ կարեւոր նկատեց գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ ծանօթագրութիւններ կազմելը: Պետօ Տեմիրճեան նշեց, որ անգլերէն թարգմանելու ընթացքին ուսումնասիրած է ո՛չ միայն Թեհլիրեանի յուշագրութիւնը, այլեւ` «Նեմեսիս» գործողութիւնը առհասարակ: Ան ներկայացուց նաեւ Թալէաթի սպանութեան մասին հայկական եւ արտասահմանեան մամուլի առաջին արձագանգները:

Դասախօսութիւններու աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն: