Վաստակաշատ մանկավարժ, ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագիտութեան անխոնջ նուիրեալ, բանասէր, բարբառագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին նուիրուած յոբելեանական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կեդրոնի սրահէն ներս,18 Մարտի երեկոյեան ժամը 18:00-ին,  քեսապցի եւ մուսալեռցի հայրենաբնակ երիտասարդներու կազմակերպութեամբ:
Բացման խօսքէն ետք հանդիսավարներ՝ Վահան Մանճիկեանն ու Դալար Քալլուկեանը տեսերիզի ընկերակցութեամբ ներկայացուցին պրն.Յ Չոլաքեանի կենսագրականը:
Պրն.Յ.Չոլաքեան Քեսապի մէջ ուսումը ստանալէ ետք, Այնճարի մէջ կը շարունակէ երկրորդական ուսումը եւ նոյն դպրոցին մէջ կը պաշտօնավարէ տարի մը:
1969-1970 որպէս մասնաւոր ուսանող կը հետեւի Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի Հայագիտական ամպիոնին:
1970-1973 կը հետեւի Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներուն եւ հնգամեայ շրջանը կ’աւարտէ  երեք տարուան ընթացքին, ստանալով բանասիրական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճան ու հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչի որակաւորում:
1973-1976 որպէս ուսուցիչ աշխատած է Այնճարի Հայ Աւետարանականներու երկրորդական, ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանին եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Գոլէճին մէջ:
1968-1969  ապա 1973-1974 խմբագրած է Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի «Շիրազ» պարբերաթերթը:
1976-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով կը տեղափոխուի Սուրիա:
1976-2012 որպէս հայերէն լեզուի դասատու պաշտօնավարած է Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս ու խմբագրած անոր «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթը՝ 1976-1988 եւ 1993-1998:
1996-2012 որպէս դասախօս պաշտօնավարած է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս:
2002-ին ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտին մէջ պաշտպանած է «Անտիոքի Մերձակայ Ռոճի Հովիտի Հայերը» խորագիրով թեզը եւ ստացած պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:
2010-ին պարգեւատրուած է ՀՀ վարչապետի պատուոյ յուշամետալով, իսկ 2011-ին ՀՀ նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
2012-էն Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին պատճառով շրջան մը ծննդավայր Գալատուրան մնալէ ետք կը տեղափոխուի Հայաստան:
2014-էն որպէս աւագ գիտաշխատող կը սկսի աշխատիլ ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի բանահիւսութեան բաժինը:
2014-2022-էն արեւմտահայերէն կը դասաւանդէ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի հայոց լեզուի ամպիոնէն ներս:
2014- 2019-ին համատեղութեամբ աշխատած է ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի արեւմտահայերէնի բաժինը:
2016-ին իր «Քեսապ» պատմազգագրական ուսումնասիրութեամբ կը պաշտպանէ իր ատենախօսութիւնը եւ կը ստանայ պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան:
2021-ին կը ստանձնէ գլխաւոր գիտաշխատողի կոչում:
Պրն.Յ. Չոլաքեանի վաստակը ներկայացուց բանասէր՝ Յակոբ Քոթմուսեան՝ հանգամանօրէն վերծանելով բանասէր,- ուսուցիչի անխոնջ աշխատանքը եւ  յիշեցնելով որ պրն. Չոլաքեանի դպրոցներու համար պատրաստած Հայոց Լեզուի ու «Անդաստան» դասագիրքերու շարքերէն  բացի, ան ունի 8 գիրք նուիրուած բարբառագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, սփիւռքագիտութեան վերաբերող 7 գիրք, ուր ուսումնասիրուած է սուրիահայ դպրոցը՝ 2 հատորներով.ինչպէս նաեւ 15 հատոր՝ ազգագրական ու բանահիւսական նիւթերու վերաբերող աշխատանքներ, որոնցմէ ամէնէն ծաւալունը Քեսապի նուիրուած եռահատորն է:  Ասոնց կողքին ունի շուրջ 40 յօդուած ցրուած տարբեր թերթերու եւ հանդէսներու մէջ:
Մուսա Լերան նուիրուած Նանէ Այնթապլեանի մեներգէն ետք, Սալբի Սաղտճեան «Քեսապի Երեք Օրերը» գիրքէն ընթերցեց հատուածներ, որմէ ետք Վրէժ Գլըճեանի «Ահա Մէկը Վերջապէս» յոբելիարին ձօնուած բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Պարոյր Այնթապլեան:
Օրօրոցայինները որպէս բանահիւսական արժէք իրենց յատուկ տեղը ունէին հանդիսութեան ընթացքին, որոնք հրամցուեցան Լուսինէ Օրդուխանեանի հմայիչ ձայնով, որոնցմէ ետք ան կատարեց նաեւ «Կ’երթամ չեմ կայնիր»-ը:
Քեսապի վերջին տեղահանութեան նուիրուած՝ «Քեսապի Երեք Օրերը» գիրքէն հատուածներ ընթերցեց  Յակոբ Յակոբի Չոլաքեանը՝ համեմուած Քեսապի բարբառով, որմէ ետք Աւօ Գրիգորեանի պատրաստած տեսերիզը ներկաները տեղափոխեց Անտիոքի տարածաշրջան՝ Քեսապ եւ Մուսա Լեռ:
ՀՀ ԳԱԱ-ի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիտուտի անունով խօսք առաւ Արսէն Բոբոխեան, որ շնորհաւորելէ ետք Չոլաքեանը, զինք բնութագրեց ըսելով որ «Ան կը մարմնաւորէ երեք կարեւոր կերպարներ, որոնք կ’ամփոփուին երեք բառերու մէջ՝ գիտնականը, ուսուցիչը եւ ազգային  գործիչը», որպէս գիտնական կերպարով շատ համեստ,գիտական ժառանգութեամբ այդքան հզօր մարդ, որ մեր ժամանակահատուածին մէջ դժուար կարելի է գտնել:
Ան ըսաւ, որ «Ես կը վախնամ ըսելու որ մեր դարաշրջանի վերջին տասնամեակի  պրն. Չոլաքեանը կը պատկանի հայ իրականութեան վերջին դասականներուն թիւին»: Ապա յիշեցուց, որ «թուայնացում գացող այս դարուն շատ քիչ են գրողները, որոնց համար գիրքը, տպագրուած հարիւրաւոր էջերը ապրում էին»:
«Պրն. Չոլաքեանի մէջ կայ այն երկրորդ յատկանիշը՝ ուսուցիչը, որ դպրոց մը ձգած է իր ետին: Դպրոցը մեր կարեւոր դժուարութիւններէն է. Մենք դպրոցին մէջ ունինք հանճարներ, բայց չունինք հանճարը շարունակողներ»:
Ան նկատել տուաւ որ հանդիսասրահին մէջ համախմբած է տարբեր գօտիներէ եկած մարդիկ, Սփիւռք, հայրենիք,որոնք կը յենուին մտաւորականին վրայ:
Ապա խօսք առաւ պրն. Չոլաքեանի դասընկեր պրն. Մովսէս Հերկէլեանը, որ շեշտը դրաւ աշխատասէր, մշակութասէր անձնաւորութեան վրայ, հաստատելով որ տաղանդը ոչինչ է, եթէ չըլլայ աշխատասիրութիւնը:
Ան ըսաւ. «Դրական յատկանիշները կը բխին իր մարդասիրութենէն» եւ Այվազովսկիի օրինակին հետեւողութեամբ աւելցուց. «այնպէս ինչպէս Այվազովսկի ըսած է զինք տեսնելու եկող խուռներամ հասարակութեան  նոյնը պիտի ըսէ Յակոբը.
«Եթէ մէկը ձեզմէ ինծի չափ աշխատասէր ըլլայ, ես ալ վաղը կը ծափահարեմ իրեն»։
Մուսա Լերան Երիտասարդական Թեմի շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքը ներկայացուց Հեղինէ Պապոյեան: Ապա համաքաղաքացի Փառէն Յովսէփեանը գոհունակութեան իր խօսքը ուղղեց:
«Աշակերտի մը համար չկայ աւելի մեծ պատիւ քան մասնակցիլը իր մեծարանքի երեկոյին»:
 «Այսօր ոչ մէկ քեսապցի կրնայ չհպարտանալ Քեսապի նուիրուած հատորներով,  որոնց մէջ իւրաքանչիւր քեսապցի ինքզինք նախ կը գտնէ, յետոյ Քեսապը»։
Մուսա Լերան Միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան քաջառողջութեան եւ բեղմնաւորութեան մաղթանքներէ ետք հրաւիրեց պրն. Չոլաքեանը ստանալու «Մուսա Լեռ» յուշամետալը:
Ապա Հայաստանի Գրողներու Միութեան կողմէ պրն. Պետրոս Տէմիրճեան բոլոր գրողներուն կողմէ յատուկ գիր յանձնեց յոբելեարին:
Ան նշեց, որ պրն. Չոլաքեանը առաջին հերթին բանաստեղծ է, որովհետեւ ան  դեռ 1970-ին «Այսպէս Սկսաւ Գարունը» բանաստեղծական ժողովածուն հրատարակած է:
Քեսապցիներու եւ Մուսա Լերան համախմբումին կողմէ բեմ հրաւիրուեցաւ պրն. Յակոբ Չոլաքեան իր սրտի խօսքը ուղղելու:
«Ես երախտապարտ եմ իմ աշակերտներուն, որոնք զիս ուսուցիչ պահեցին, որովհետեւ աշակերտներուդ մղումով պիտի ստիպես ինքզինքդ տալ աւելին»:
Ան հանդիսատեսին ուշադրութիւնը հրաւիրեց լեզուի կարեւորութեան վրայ ըսելով, որ մեր լեզուն մեր գրպանը գտնուող անձագրէն շատ աւելին է:
Ապա շեշտելով կրկնեց. «Ես աշակերտներէս սորված եմ շատ բան. բոլորն ալ Սուրիոյ անապատի սերունդի զաւակներն ու թոռներն էին, որոնք ինծի յիշատակներ կը բերէին եւ ես պարտաւոր կը զգայի ընել աւելին՝ հոն, ուր վերածնաւ հայերէնը: Երբեմն հայախօս, արաբախօս, թրքախօս, բարբառախօսներու կը հանդիպէի։ Ցեղասպանութիւնը միայն հայրենիքի կորուստ չէր, եթէ դպրոցը այդ գիւղերէն դուրս ելաւ ու մարդիկ գաղթեցին ուրիշ աշխարհներ, հոն կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի:Սփիւռքի դպրո՛ցը մեզի ցոյց կու տայ հայրենիքի ճամբան, որովհետեւ հոգեւոր մշակոյթին աղքատութիւնը սարսափելի է: Ու հիմա կը խորհիմ՝ Ես ինչ ըրի։ Կը դառնամ ու կը նայիմ թէ ի՛նչ ըրի. երեւի ես բան մըն ալ չըրի»:
Պրն. Չոլաքեան իր խօսքը եզրափակելով մէջբերեց համագիւղացի թոփալ Մինասի գարիի պատմութեան օրինակը, երբ ցորենն ու գարին զիրար պիտի փոխարինեն ու ըսաւ. «Ես ինչ որ ըրի անհրաժեշտութեան համար ըրի, հոն ո՛չ կաճառ կար, ո՛չ  համալսարան։ Վախնալով որ այդ բոլորը կրնայ կորսուիլ՝ հաւաքեցի»:
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան