Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) Քալիֆորնիոյ տեղական մարմինները ողջունած են Քալիֆորնիոյ նահանգային համագումարի(Խորհրդարան) կողմէն AJR 1-ի ընդունումը, որ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի շրջափակումը:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն՝
Բանաձեւը ընդունուած է երկու կուսակցութիւններու ճնշող աջակցութեամբ, 58 ներկայացուցիչներ միացած են որպէս համահովանաւորներ, իսկ վերջնական ձայներուն թիւը կազմած է 59 կողմ, 0 դէմ:

«AJR 1-ի ընդունումը մեծ քայլ է Ատրպէյճանը արցախահայութեան վրայ շարունակուող յարձակումին համար պատասխանատուութեան ենթարկելու իմաստով», ըսած է ANCA-ի Ազգային վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեան։ «Մենք երախտապարտ ենք, որ սերտօրէն համագործակցած ենք Համագումարի անդամ Քրիս Հոլտընի եւ անոր գործընկերներուն հետ՝ ապահովելու այս բանաձեւի ժամանակին ընդունումը, որ կոչ ուղղած է ԱՄՆ կառավարութեան անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանին վրայ, դադրեցնելու Արցախի դաժան եւ անմարդկային շրջափակումը»:

ANCA-ի Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերը սերտօրէն գործակցած են համագումարի անդամ Քրիս Հոլտընի հետ, որ ներկայացուց բանաձեւը՝ փորձելով վերահաստատել Քալիֆորնիոյ կողմէն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը եւ կոչ ուղղել Պայտընի վարչակազմին՝ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու արցախահայութեան: Բանաձեւը նաեւ կոչ ուղղած է Պայտընի վարչակազմին պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը իր յարձակումին համար՝ կիրառելով Պաքուին տրամադրուող զինուորական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները:

«Այսօր AJR 1-ը անցաւ Ծերակոյտին՝ երկկուսակցական աջակցութեամբ: Լաչինի միջանցքի շրջափակումը վտանգի տակ դրած է 120.000 հայերու կեանքը՝ 30.000 երեխաներու, որոնք կը բախին սնունդի, դեղորայքի եւ այլ կենսական նշանակութեան ապրանքներու խիստ պակասի։ Ես անհամբեր կը սպասեմ Ծերակոյտի իմ գործընկերներուն հետ աշխատելուն, որպէսզի այս միջոցը ընդունուի եւ ուղարկուի Քոնկրէսին եւ նախագահին», ըսած է խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն:

« Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Փասատինայի մասնաճիւղի անունով ես մեր համայնքի երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Համագումարի անդամ Հոլտընին` անոր ստանձնած ղեկավարութեան համար, վերացնելու Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ցեղասպանական շրջափակումը», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Փասատինայի նախագահ Շողիկ Եփրեմեան: «Մեր համայնքի շատ մը անդամներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներ են, եւ մենք չենք կրնար չտեսնել զուգահեռները մարդկութեան դէմ այդ մեծ յանցագործութեան եւ արցախահայութիւնը սովի մատնելու Ատրպէյճանի փորձերուն միջեւ: Մենք ուրախ էինք սերտօրէն գործակցելու Համագումարի անդամ Հոլտընի հետ` ապահովելու համար այս բանաձեւի ընդունումը Քալիֆորնիոյ համագումարի միջոցով, եւ անհամբեր կը սպասենք Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի իր գործընկերներուն հետ միասին` ապահովելու այս կարեւոր բանաձեւին հրատապ ընդունումը»:

Ելոյթ ունենալով ի պաշտպանութիւն AJR 1-ի, երեսփոխան Լորա Ֆրիտման, որ կը ներկայացնէ ամերիկահայ ամենամեծ համայնքը նահանգի օրէնսդիր մարմինը, պարզած է Արցախի նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար եւ ծաւալող մարդկային սարսափելի ճգնաժամը: «Արցախը եղած է Հայաստանի աւանդական մասը հազարամեակներ առաջ: Ատրպէյճանը չհրահրուած պատերազմ մղած է հայ ժողովուրդին դէմ` օգտագործելով Արցախի խաղաղ բնակիչները որպէս թնդանօթի թիրախ, եւ կտրելով ճանապարհը, որ Արցախի մէջ ապրող հայերուն ամէն տեսակի պաշարներ հասցնելու հիմնական միջոցն է, յառաջացնելով մարդկային ճգնաժամ։ Տարածաշրջանի մէջ ոչ մէկ այլ պատճառ կայ նման շրջափակումի, քան հայերը այս պատմական տարածքէն հեռացնելու փորձին», նշած է Ֆրիտման:

Համագումարի անդամ Տայեան Պապան, որպէս Քալիֆորնիոյ Համագումարի յոյն ծագումով միակ ամերիկուհին, նոյնպէս աջակցած էր AJR 1-ին: «Յոյները երկար ժամանակ կանգնած են եղել հայերի կողքին, եւ ես համաձայն եմ երեսփոխան Ֆրիտմանի հետ, այս շրջափակումը չի կրնար հանդուրժիլ այլևս:

Համագումարի անդամ Լիւզ Ռիւասը, որ կը ներկայացնէ Սան Ֆերնանդո Հովիտի հայկական մեծ համայնքը, յորդորեց իր գործընկերները աջակցելու AJR 1-ին եւ կոչ ուղղեց ԱՄՆ կառավարութեան` խիստ միջոցներ ձեռնարկելու Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Ներկայացնելով Ֆրեզնոյի կենսունակ ամերիկահայ համայնքը` Համագումարի անդամ Ճիմ Փաթերսըն նոյնպէս իր աջակցութիւնը յայտնեց AJR 1-ին:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ համագումարի անդամ Հոլտըն կրկնեց շրջափակման ազդեցութիւնը ողջ հայութեան վրայ: