Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ի միջօրէին, Ֆրեզնոյի հայութեան բժշկական առաքելութեան օժանդակութիւնը հասաւ Սուրիոյ սահման, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Ազգ․ Երեսփոխանական ժողովի անդամ, ՀՀ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի։

Օժանդակութիւնը, որ կ՚ընդգրկէր դեղորայք, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութիւն, Սուրիա-Լիբանան սահմանին յանձնուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Պատուիրակութեան, Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի գլխաւորութեամբ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Յարաբերական Մարմնի անդամ Վրէժ Եագուպեան եւ Դամասկոսի «Ա․Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան։

Ֆրեզնոյէն այս առիթով ժամանած Պերճ Աբգարեան ըսաւ․ «Յուզումնախառն ապրումներով լեցուած եմ այսօր։ Անհաւատալի պատկեր մը կը ստեղծուի այսօր մեր պատմութեան էջերէն մէկուն մէջ։ Մենք ցոյց կու տանք ամբողջ աշխարհին, որ սուրիահայութիւնը, հալէպահայութիւնը առանձին չեն։ Այսօր հազարաւոր մղոններ անդիէն՝ Ֆրեզնոյէն, կու գանք պատուիրակութեամբ մը ըսելու, որ մենք ձեր կողքին ենք այսօր եւ միշտ, ուրախ թէ դժուար պահերու մէջ»։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան եւ Ֆրեզնոյի մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք մինակ չձգեցին սուրիահայութիւնը Սուրիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով ստեղծուած աղիտալի կացութեան մէջ։

«Ձեր ներկայութիւնը խրախուսիչ է, մեր միասնական ճիգերով պիտի շարունակենք յաղթահարել մեր ազգին դիմաց ցցուող տարբեր դժուարութիւններն ու շարունակել մեր գոյերթը», եզրափակեց սրբազան հայրը։

Սուրիա-Լիբանան սահմանին օժանդակութեան յանձնումի գործողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան անդամներ՝ տոքթ․ վաչէ Վասիլեան, տոքթ․ Կարօ Խաչիկեան, Ֆրեզնոյի հայ բարերար Սերժ Հայթայեան, տիկին Արփի Աբգարեան, ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան անդամ Նելլի Վեքիլեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի անդամ տոքթ․ էլի Թաշճեան, ՀՅԴ Այնճարի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեան, տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներ։