Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմնի անդամ Վրէժ Եագուպեանի եւ Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեանի, այցելեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Համմուտա Սապպաղին։

Բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին խօսուեցաւ երկրի զարգացման տարբեր փուլերուն սուրիահայութեան գործուն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերականգնումի եւ վերածաղկումի աշխատանքներուն շուրջ։