ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայ Առաքելական եկեղեցին, Աւագ Շաբաթ օրը, Սուրբ Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ կը տօնէ Ծաղկազարդը, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին:
Ծաղկազարդ… Ծառզարդար… Ծառկոտրուք… Այսպէս կոչած է հայ ժողովուրդը ազգային նախահիմք ունեցող իր ամենասիրելի տօներէն մէկը: Ան ինչպէս որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, այնպէս ալ որպէս աւանդական տօն նուիրուած է բնութեան զարթօնքին:
Ժողովուրդը խանդավառութեամբ եւ ձիթենիներով ընդունած է Տիրոջ մուտքը Երուսաղէմ՝ աղաղակելով. «Ովսաննա՜ Բարձեալին, օրհնեալ ըլլայ Ան, Որ կու գայ Տիրոջ անունով… Խաղաղութիւն երկինքին մէջ եւ փառք բարձունքներուն մէջ» (Մր 11.9-10):
Համաձայն կրօնական եւ ժողովրդական սովորութիւններուն, Ծաղկազարդին կ’օրհնեն ձիթենիի կամ ուռենիի ոստեր եւ կը բաժնեն ժողովուրդին:
«Հայ եկեղեցու տօները» հատորին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
«Ծաղկազարդի տօնին, եկեղեցում, նշանուած աղջիկները իրենց փեսացուի ծնողներից ստանում էին զարդարուած մոմ։ Իսկ ժամասացութիւններից յետոյ, իւրաքանչիւր նորահարս (այսինքն նոյն տարին պսակուած հարսը) առաջին անգամ լինելով, որպէս այցելութիւն, ուղղակի եկեղեցուց գնալու էր իր հօր տունը, իր ծնողների մօտ։ Վաղարշապատի շրջակայքը, Եթէ մէկը Ծաղկազարդից առաջ գնար, այդպիսին ենթարկուում էր ընդհանուրի բամբասանքին։(Արդարեւ ոչ մէկ պարագային նորահարսը կրնար իր ծնողներուն տունը երթալ…կամ ալ գիշերը պէտք էր երթալ եւ վերադառնալ)»։
Պատանիները Ծաղկազարդի օրը խումբ-խումբ կը պտտէին տունէ տուն, ձեռքերնին բռնած ուռեր, ծայրը օղակաձեւ, կ’երգէին եւ հաւկիթ կը հաւաքէին։ Այս երգերէն է հետեւեալը.
Կարկաչայ, կարին կաչայ
Սեւ հաւը բնին կ’ածայ,
Իմ փայը կարկաչէն տուէք…
Ով որ չտայ իմ երկու ձուն
Մուկն ու կատուն իրանց թթուն
Ով որ կու տայ իմ երկու ձուն
Աստուած պահէ իր փեսացուն։
Տանտիկինները մէյ-մէկ հաւկիթ տալով ճամբու կը դնեն այդ փոքրիկ երեխաները որ կ’երգէին…(հռօ կինը- Աւ. Ահարոնեան)
Ծաղկազարդի օրուան օրհնուած ոստերը, հաւատացեալները տուն կը տանին, խնամքով կը պահեն եւ կը գործածուի որպէս յուռութք (չար աչքի դէմ փոշի) յատկապէս փոթորիկի ընթացքին։
Այլ վայրերու մէջ ճիւղերը կ’այրեն ու մոխիրը քամուն կը տրուի, փորձանքներէ զերծ մնալու համար։ Իսկ տան մէջ պահուած ոստը կը համարուի «բարիք եւ պաշտպանութիւն ապահովող նշան մը»։
Շատ անգամ ալ այս ոստերը կամ ճիւղերը կը ջանային տնկել տան սեմին, մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ, եւ ասոնք կը համարուէին հիւանդութեանց փարատիչ։ Հիւանդը կը դիմէր այդ սուրբ ծառին. նախ 3 անգամ շուրջը կը դառնար մտքին մէջ ուխտ կատարելով, եւ ապա իր զգեստէն կտոր մը կը կապէ ծառին ճիւղին, յոյսով որ այդ շորի կտորին հետ, իրմէ հեռանայ մաշող ցաւը։
Կար նաեւ սովորութիւն մը որ ամուսնանալիք տղուն մայրը (անշուշտ նախապէս աղջկան ծնողաց համաձայնութիւնը ստանալէ ետք) այդ օրը վառած մոմով կը մօտենայ հարսնցուին, մոմը կու տայ անոր ու նաեւ արծաթէ մատանի մը, որով այդ օրուընէ այդ աղջիկը նշանուած կը համարուէր…
Ժողովրդային գետնի վրայ անուան տօնն է՝ Ովսաննա, Ովսան, ու երբեմն ալ Սոնա անունը կրողներուն, այս անունները այժմ քիչ կը գործածուին, ամէն պարագայի, սակայն, կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն այդ անունները եւ կը մաղթենք ուրախ Ծաղկազարդ եւ բարի Ս. շաբաթ բոլորին։