ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ- դասակարգի ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Կիրակի օր Ճալաաի մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմը 51 – 30 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԵԸ-ի խումբը։
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Իմարաթի մէջ կատարած ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին, բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Թայլանտի հաւաքականին հետ: Հանդիպումը աւարտեցաւ 3 – 1 արդիւնքով: Սուրիոյ կոլերը նշանակեցին Օմար Սոման, Օմար Խրէյպիննուն եւ Ահմատ Թայարան: Նշենք, որ այս Սուրիոյ հաւաքականի նորանշանակ մարզիչ Հեքթոր Քուփէրի գլխաւորութեամբ իրականացած առաջին հանդիպումն է:
-Շաբաթ օր Հալէպ ժամանեց Ահլի պասքեթի խումբի ամերիկացի արհեստավարժ խաղացող Վիքթոր Պիրմոթէզ: Վերջին շրջանին ան մաս կը կազմէր Լիբանանի Պիպլոս խումբին եւ անոր հետ ներկայացած էր բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԹՈՎՄԱՍ ԹՈՒԽԷԼ ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԵԽԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Գերմանիոյ բազմակի ախոյեան Պայէրն Միւնեխի վարչակազմը ֆութպոլի առաջին խումբի մարզիչ Ժուլեան Նակլեսմանը դադրեցուց իր պաշտօնէն: Անոր փոխարինեց Թովմաս Թուխէլ: Ակումբի մարզական պատասխանատու Օլիվըր Քան մամուլին տեղեկացուց, որ Թուխէլի պայմանագրութիւնը կ’երկարի մինչեւ 2025-ի աւարտը: Աւելցնենք, որ Պայերնի համակիրները անակնկալի մատնուեցան Նիկլեսմանի հեռացումին բերումով, որովհետեւ խումբը անոր գլխաւորութեամբ կրցաւ արձանագրել բազմաթիւ յաղթանակներ, մանաւանդ Եւրոպա Լիկի մրցաշարքին, երբ երկու առիթներով կրցաւ պարտութեան մատնել Պարսելոնան:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՁԵՌՔԲԵՐԵԼ ՀԱԱԼԱՆՏԸ ԵՒ ՄՊԱՓԷՆ
Սպանիոյ AS թերթը իր մարզական լուրերուն մէջ յայտնեց, որ երկրի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները կը փորձեն 2024-ի  ամրան ձեռք բերել Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի եւ Նորվեկիոյ հաւաքականի յարձակող Ըրլինկ Հաալանտը: Կը նախատեսուի, որ մէկ տարի ետք 22-ամեայ ֆութպոլիստին փոխարժէքը հասնի 220 միլիոն եւրոյի։ Արքայական ակումբը կը նախաձեռնէ նաեւ ձեռք բերել Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի  եւ Ֆրանսայի հաւաքականի 24-ամեայ մարզիկ Քիլիան Մպափէն: Ակումբը փափաք ունի Վինիսիոս Ժունիըրին հետ սոյն խաղացողներով կազմել յարձակողական ուժեղ եռեակ մը:
Յիշենք, որ 2024-ին արքայական խումբին հետ կ’աւարտին Քարիմ Պենզեմայի, Լուքա Մոտրիչի, Էտին Հազարտի  եւ Թոնի Քրոսի պայմանագրութիւնները:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան