ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն և ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբը, նկատի ունենալով Լաչինի միջանցքի փակումը և Հայաստանի նկատմամբ ատրպէյճանական շարունակական սադրանքները, գործակցելով կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչին հետ, ինչպէս նաև Արցախի բարեկամներու շրջանակին հետ, խորհրդարանի քննարկման ներկայացոպցած է Ատրպէյճանը դատապարտող բանաձև։

Ներկայացուած բանաձեւը 6 Ապրիլին քննարկուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին և միաձայնութեամբ ընդունուած։ Բանաձևը Ատրպէյճանի դատապարտման զուգահեռ, վերջինս կը յորդորէ անմիջապէս բանալ միջանցքը։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կիպրոսի խորհրդարանական կուսակցութիւններուն և կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Հայաստանի ու Արցախի միջազգային շահերու պաշտպանութեան առնչուող աշխատանքները։

Յանձնախումբը հաւատացած է, որ համազգային ջանքերու միաւորմամբ և միջազգային հանրութեան տարբեր շրջանակներու աջակցութեան ապահովմամբ կարելի կը դառնայ յաղթահարել թուրք-ատրպէյճանական ծաւալապաշտական նկրտումներն ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

7 Ապրիլ 2023