ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐԸ ԳՈՒՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒԵՐ
1- Զատկուան հաւկիթներուն թարմ տեսք եւ գոյն տալու համար օգտագործեցէ՛ք բնական սննդամթերք կամ բոյսեր: Այսպիսով դուք կ’ունենաք ե՛ւ սիրուն գոյնով, ե՛ւ առողջապահականօրէն ներկուած հաւկիթներ: Գոյները ստեղծելու համար կրնաք 10 վայրկեան եռացնել ճակնդեղը, կարմիր կաղամբը, սոխի կեղեւը, նարինջի կեղեւը, մանանեխը կամ  ազատքեղը մէկուկէս գաւաթ ջուրի մէջ՝ իւրաքանչիւրը առանձին եւ իւրաքանչիւրին մէջ 2 ճաշի դգալ քացախ խառնելով: Եթէ գոյնը շեշտուած կ’ուզէք դարձնել, խաշած հաւկիթները գունաւոր հեղուկին մէջ քիչ մը երկար ձգեցէ՛ք, իսկ մեղմ գոյներու համար ընդամէնը քանի մը վայրկեան պահեցէ՛ք հեղուկին մէջ:
2- Կարելի է հաւկիթները զարդարել թաշկինակներով (քրնիշ թուղթով): Գունաւոր նախշեր պատրաստեցէ՛ք անոնցմով, ապա փակցուցէ՛ք տաք ու թաց հաւկիթներուն վրայ: Այս ձեռային աշխատանքը պիտի հետաքրքրէ ձեր մանուկները, հետեւաբար իրենց օգնութեամբ աշխատեցէ՛ք պատրաստել հետաքրքրական ու գունաւոր զարդանախշերով հաւկիթեր:
3- Զատկի հաւկիթներուն արուեստի հպում մը տալու համար գունաւոր թաշկինակները (քրնիշ թուղթերը) կտրտել ու խորունկ ամանի մը մէջ դնել, ապա խաշուած տաք ու յատկապէս ճերմակ հաւկիթները մէկ առ մէկ ուղղակի փոխադրել այս ամանին մէջ եւ իւրաքանչիւրը սպիտակ թաշկինակով մը փաթթել՝ մէջը պահելով գունաւոր թուղթերը: Ձգել մինչեւ պաղի եւ գոյն ստանայ, յետոյ թաշկինակները հանել:
4- Հաւկիթներուն յատակը գեղեցիկ խոտի շերտեր զետեղելու համար, կանաչ գոյնի երանգներով թաշկինակներ կտրտեցէ՛ք լայն ու երկար, ապա բարակ ու կարճ աստիճանաւորումներով, ինչպէս կը գտնէք վերի նկարին մէջ, ապա խէժով փակցուցէ՛ք հաւկիթներուն յատակը՝ սկսելով լայն շերտերէն, անցնելով նեղերուն: Այս հաւկիթները կարելի է դնել մոմակալներու կամ հաւկիթի յատուկ  բաժակներու մէջ:
5- Ներկուած հաւկիթները զարդարեցէ՛ք գեղեցիկ ժապաւէններով: ժապաւէնները կտրեցէ՛ք հաւկիթի տրամագիծին համապատասխան, որպէսզի ճիշդ մէջտեղը անցընէք, ապա խէժով միացնէք ժապաւէնին ծայրերը: Այնուհետեւ վրան կպչուն ծաղիկներ կամ փոքր թիթեռնիկներ տեղադրեցէ՛ք: